2013ին Եւ 2014ի 9 Ամիսներուն Հայաստանի Մէջ Թրաֆիքինկի Զոհ Դարձած Է 28 Հոգի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան 3րդ վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Տիգրան Պետրոսեան, Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ 2013ին եւ 2014ի 9 ամիսներուն հարկադրաբար մարմնավաճառութեան դրդելու փաստով յարուցուած են 12 քրէական գործեր, որոնցմէ 4ի պարագային յանցագործութիւնը կատարուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, 2ը՝ Թուրքիոյ, 6ը՝ Հայաստանի մէջ:
Պետրոսեան նաեւ յայտնեց, որ նշուած ժամանակահատուածին յայտնաբերուած եւ իբրեւ տուժող ճանաչցուած են 28 հոգի, որոնցմէ 13ը չափահաս կիներ են, 2ը՝ չափահաս տղամարդիկ, իսկ իգական սեռի ներկայացուցիչ 7 եւ արական սեռի ներկայացուցիչ 6 զոհեր յանցագործութեան կատարման պահուն եղած են անչափահաս:
Նոյն ժամանակահատուածին, թրաֆիքինկ եւ մարդիկ շահագործելու մեղադրանքով ամբաստանուած են 17 հոգի, որոնցմէ 4ի նկատմամբ միջազգային հետախուզութիւն յայտարարուած է: 2012-2014 ընթացքին թրաֆիքինկի եւ մարդիկ շահագործելու յանցանքով Հայաստանի մէջ 28 մարդ բանտարկութեան դատապարտուած է, անոնցմէ միայն մէկը 4 տարիով ազատազրկուած է, միւսները դատապարտուած են 7-13 տարուան ազատազրկումով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.