Սրբոց Նահատակացը՝ «Սի.Էն.Էն.»ի Պատմական Արժէք Ունեցող Ոչնչացուած Յուշարձաններու Ցանկին Վրայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող զինուած հակամարտութիւններուն հետեւանքով, կը վերանան պատմական արժէք ունեցող շատ յուշարձաններ եւ կոթողներ: Այս կոթողներուն անդրադարձած է «Սի.Էն.Էն.»ը՝ առանձնացնելով վերջին տարիներուն ընթացքին անհետացած 19 յուշարձանները, որոնց մէջ է նաեւ անցեալ Սեպտեմբերին «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան կողմէ ականահարուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ցանկին վրայ են նաեւ Իրաքի Սամարրայի մեծ մզկիթը, Աֆղանիստանի Պամեանի Պուտտայի արձանները, Սուրիոյ Պոսրա քաղաքի պատմական թատրոնը եւ այլ կոթողներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.