Հալէպ Այն Քաղաքներէն Է, Ուր Կռիւը Կարելի Է Սառեցնել. Տը Միսթուրա


ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա նշեց, որ «Իսլամական պետութիւն»ը դէպի Հալէպ կը յառաջանայ՝ աւելցնելով. «Այդ մէկը միջազգային ընտանիքին համար զայն կասեցնելու լաւ առիթ մըն է»:
Տը Միսթուրա «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Եթէ այս քարտէսին նայիս, կը նշմարես, որ «Իսլամական պետութիւն»ը Քոպանիէն հեռու՝ դէպի Հալէպ կը յառաջանայ, եւ եթէ այդ մէկը ճիշդ է, ապա ատիկա առիթ մըն է փրկելու այս քաղաքը, որ թատերաբեմ դարձաւ սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարութեան միջեւ ծանր կռիւներու, որոնք որեւէ արդիւնք չտուին»:
«Ըսել ուզածս այն է, որ կասեցնելու համար «Իսլամական պետութիւն»ը, որուն վրայ կեդրոնացած են բոլորը, առնուազն պէտք է այլ վայրերու մէջ կռիւը սառեցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ կազմակերպութեան վրայ կեդրոնանալ, իսկ Հալէպը այն քաղաքներէն մէկն է, ուր կարելի է այդ ծրագիրը գործադրել»:
ՄԱԿի յատուկ պատուիրակը յայտնեց. «Բոլորը համաձայն են, որ «Իսլամական պետութիւն»ը ներկայիս մեծագոյն վտանգն է: Միջազգային ընտանիքին կը փորձեմ ըսել, որ եթէ գոյութիւն ունենայ Քոպանիի պէս քաղաք մը, որ որոշէ «Իսլամական պետութեան» դէմ կենալ, ապա պէտք չէ զայն լքենք»:
Ինչ կը վերաբերի սուրիական տագնապի լուծման իր ծրագիրին՝ տը Միսթուրա նշեց. «Անիկա շատ պարզ սկզբունքի վրայ հիմնուած է. փորձուեցաւ ամէն բան՝ խորհրդաժողովներ, ժողովներ, խաղաղութեան հաւանական ծրագիրներ, սակայն գետնի վրայ պէտք է սուրիացիներուն եւ աշխարհին փաստենք, թէ կայ բան մը, զոր կրնանք ընել. նախ եւ առաջ՝ «Իսլամական պետութիւն»ը կասեցնել, երկրորդ՝ տագնապը դադրեցնել, որպէսզի սուրիացիները տարբերութիւնը զգան»:
Նշենք, որ Քոպանիի մէջ պայքարող քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը կը յայտնեն, թէ վերջին 24 ժամերուն տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին «Իսլամական պետութեան» անդամ 18 զինեալներ սպաննուած են:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Սուրիոյ բանակը ամբաստանեց Հալէպի մէջ եւ անոր մօտակայքը «ջարդեր գործելու» յանցանքով եւ ըսաւ, որ Թուրքիա գաղթականներու նոր մեծ ալիք մը պիտի դիմակայէ, եթէ Հալէպը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ձեռքը անցնի: «Հալէպի զարգացումներուն մտահոգութեամբ կը հետեւինք: Թէեւ քաղաքը իյնալու եզրին չէ, սակայն չափազանց մեծ ճնշումի տակ է», ըսաւ Տաւութօղլու:
«Եթէ Հալէպը իյնայ, Թուրքիոյ մէջ մենք տեղահանուածներու մեծ, շատ լուրջ, մտահոգիչ ճգնաժամ մը պիտի դիմագրաւենք: Այս է պատճառը, որ ապահով գօտի մը կ՛ուզենք», ըսաւ ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին այս շաբաթ յայտնած էր, որ ընդդիմութեան «ամրոց» նկատուող Հալէպի շրջանները գրեթէ ամբողջովին պաշարուած են Սուրիոյ բանակին կողմէ, եւ զայն լքելը Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծում մը գտնելու յոյսերուն վերջ պիտի տայ:
Ֆրանսա եւս կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ ապահով գօտի մը ստեղծելու Թուրքիոյ կոչերուն, սակայն ֆրանսացի դիւանագէտներ կը յայտնեն, որ այդ մէկը իրագործելի չէ առանց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն որոշումի մը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.