«ՀՅԴն Նոյեմբերի 12ին Կանգնելու Է «Դէմ Եմ»ի Կողքին». Արծուիկ Մինասեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը պատրաստւում է Նոյեմբերի 12ին միանալ «Դէմ եմ» շարժման երիտասարդներին՝ պահանջելու համատեղութեամբ աշխատող դասախօսների եւ գիտաշխատողների խնդրի լուծումը»: Այս մասին յայտնած է ՀՅԴի պատգամաւոր, կուտակային կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքին դէմ աշխոյժ պայքարող Արծուիկ Մինասեան՝ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։ Ան նշած է, որ եթէ քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը ցոյց կամ որեւէ շարժում կը կազմակերպէ, իրենց խմբակցութիւնը բնականաբար երիտասարդներուն կողքին պիտի ըլլայ:
«Միւս ուժերի անունից չեմ կարող խօսել, բացի դրանից՝ մենք կուտակայինի հարցով արդէն դիմել ենք Սահմանադրական դատարան», յայտնած է պատգամաւորը:
Անդրադառնալով Սահմանադրական դատարանի որոշումին՝ կուտակայինի հարցով պատգամաւորներուն ներկայացուցած բողոքի քննութիւնը 31 Մարտէն սկսելուն՝ Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ որոշումը ստանալէ ետք միայն կրնայ մեկնաբանել։
Նշենք, որ 1 Յուլիս 2014ին ուժի մէջ մտած են «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» Հայաստանի օրէնքի փոփոխութիւնները: Փոփոխուած տարբերակի 81րդ յօդուածի 2րդ մասի 1ին կէտը ընկերային վճարում կատարելէ հրաժարելու իրաւունք չի տար պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններուն, որոնց կարգին՝ կրթական բարծրագոյն հաստատութիւններու աշխատողներուն համար: Հետեւաբար, ոեւէ դասախօս, որ ծնած է 1 Յունուար 1974էն ետք չի կրնար հրաժարիլ ընկերային վճարում կատարելու պարտականութենէն՝ ոչ միայն պետական, այլեւ մասնաւոր ընկերութիւններուն մէջ ստացած իր աշխատավարձերէն: Երեւանի պետական համալսարանէն միայն արդէն 20 դասախօս հեռացած է։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.