Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Հայկական Սփիւռքը Համարած Է Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Գլխաւոր Խոչընդոտ


Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան ընկերութեան կազմակերպած համաժողովին հիւրընկալուած Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողանը պատասխանած է արտասահմանցի լրագրողներու հարցերուն: Հարց ու պատասխանը ընդգրկած է նաեւ հայկական թեման:

Այս մասին ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` վկայակոչելով Ermenihaber.am-ը, լրագրողներէն մէկուն հարցին, թէ որոնք են Թուրքիոյ ընելիքները Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին ընդառաջ,  Աքտողան ըսած է, որ հայկական հարցի վերաբերեալ լուրջ «ապատեղեկատուութիւն» կը տարածուի: Թուրք պաշտօնեայի խօսքով Թուրքիան այդ թեմայով աւելի լուրջ լոպիստական աշխատանք պէտք է տանի ու «հասարակական դիւանագիտութիւն» բանեցնէ:

Աքտողան նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ նոյնպէս զգայուն են հայկական հարցի նկատմամբ` շեշտելով Ղարաբաղի հարցը:

Վերջինս անդրադարձած է նաեւ հայկական սփիւռքին` ըսելով իբր Թուրքիան ջանքեր  գործադրած է հայերու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար` նպատակ ունենալով օգնելու նեղութեան մէջ յայտնուած հայերուն: Սակայն սփիւռքին այնքան ալ չի հետաքրքրեր այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ վատ կ’ապրին ու Հայաստանի տնտեսութիւնը դէպի անկում կ’երթայ:

Հայաստանի մէջ մարդոց քաղցած ըլլալու մասին ատրպէյճանական քարոզչական ճառերը կրկնող թուրք պաշտօնեան հայերու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գլխաւոր խոչընդոտը համարած է սփիւռքը, սակայն «տուժած» Ատրպէյճանի գործօնը  եւս չէ մոռցած  շեշտել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.