Իրաքահայ Տեղահանուած Հայ Ընտանիքներ Կը Պատմեն Իրենց Տառապանքներուն Մասին


Ավզրուքի հայկական եկեղեցւն

Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար մարզին մէջ 4000 հայ կը բնակի

Ապտելխալեք Սուլթան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռի կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Տոհուք նահանգի հայաբնակ Ավզրուք գիւղի հոգեւոր հովիւ Մասիս Շահինեան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու իրաքեան քաղաքներուն դէմ շղթայազերծած յարձակումները պատճառ դարձած են աւելի քան 150 հայ ընտանիքներու տեղահանման։

«Այդ ընտանիքները տեղահանուեցան դէպի Տոհուք, Զախօ նահանգ եւ Հավրէզքի ու Ավզրուքի նման հայկական գիւղեր», ըսած է ան։
 Շահինեան յայտնած է.«Տեղահանուած հայերուն մեծամասնութիւնը ներկայիս ուրիշներու նկատմամբ վստահութեան կորուստէ կը տառապի, որովհետեւ անոնք, որոնք զիրենք կողոպտեցին ու վտարեցին իրենց դրացիներն էին, որոնց հետ երկար տարիներ ապրած էին։ Այդ պատճառով անոնց մեծամասնութիւնը չուզեր իր բնակավայրը վերադառնալ, մանաւանդ որ իրենց ամէն ունեցուածքը կորսնցուցին, ապա վտարուեցան եւ իրենց կալուածները գրաւուեցան, եւ եթէ Քիւրտիստանի մարզի կառավարութեան ջանքերը չըլլային՝ անոնց ապագան շատ վատ պիտի ըլլար»։

Տոհուքի մէջ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շահինեան աւելցուցած է, որ Տոհուքի արեւմուտքը գտնուող Հավրէսզի բնակիչները տեղահանուածները հիւրընկալած են եւ տեղահանուած ընտանիքներէն ոմանք ուղղուած են Զախօ գաւառ եւ Ավզրուք գիւղ, իսկ այլ ընտանիքներ՝ Էրպիլ։

Քիւրտիստանի մարզի խորհրդարանի մէջ երեսփոխան Երուանդ Ամինեան յայտնած է, որ տեղահանուած հայերուն կացութիւնը վերջին շրջանին բարելաւուած է, սակայն գոյութիւն ունին կարգ մը ընտանիքներ, որոնք տակաւին օժանդակութեան կը կարօտին։ Ան աւելցուցած է, որ գոյութիւն ունին տեղահանուած կարգ մը ընտանիքներ, որոնք կ՚ուզեն Իրաքէն գաղթել, որովհետեւ ամէն ինչ կորսնցուցած են՝ հակառակ անոր, որ Քիւրտիստանի մարզին մէջ անոնց կացութիւնը կայուն է։

Իր ընտանիքին հետ տեղահանուած հայ տիկին մը՝ Ալիս Նիսան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ իրենք Իրաքէն պիտի չհեռանան, որովհետեւ «հակառակ մեզի պատահածին՝ մեր հողերէն, հարազատներէն ու արմատներէն չենք կրնար բաժնուիլ։ Զինեալները առեւանգեցին ընտանիքիս կարգ մը անդամները, ուստի մեր ծնած այս հողին վրայ ապրելու իրաւունքը կը պահանջենք»։

Մուրատ Մարթինեան հայկական Հավրէզք գիւղի գիւղապետն էր, եւ երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Սինճարի եւ Զումարի դէմ յարձակում գործեցին 35 կամաւորներէ բաղկացած մարտական խումբ մը յառաջացուց գիւղի բնակչութիւնը պաշտպանելու համար։

Գիւղապետը յայտնած է, որ իրենք փեշմերկաներու հետ համակարգուած ձեւով իրենց գիւղը պաշտպանելու համար հսկողութիւն կը կատարեն, եւ թէ պատրաստ են կռուելու եւ զոհուելու, եթէ յարձակումի ենթարկուին։

Ձայնասփիւռի կայանի կայքը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ հայեր Իրաքի մէջ ընդհանրապէս քրիստոնեաները թիրախ դարձուցած յարձակումներէն ետք գաղթած են Քիւրտիստանի մարզ, ուր ներկայիս կը գտնուին շուրջ 4 հազար հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակին Տոհուք նահանգին մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.