ՀՕՄի նորակազմ մասնաճիւղ՝ Պելճիքայի մէջ


Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Լիզա Աւագեան, Հոկտեմբեր 15-16, 2014ին այցելեցին Պրիւքսէլ, Պելճիքա, ուր Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեանի ներկայութեամբ, մասնակցեցան Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄի համակիրներուն եւ գիրքի հեղինակ՝ Աննա Աստուածատուրեան-Թրքօթին հետ հանդիպմանը:

Նկատի ունենալով հայ համայնքի հետաքրքրութիւնները Հայ Օգնութեան Միութեան համա-հայկական ծրագիրներուն եւ միութեան ընդհանուր գործունէութեան նկատմամբ, ՀՕՄ-ի համակիրներու խանդավառ մասնակցութեամբ, Հոկտեմբեր 16, 2014-ին, Պրիւքսէլի «Հայ Տուն»էն ներս, հիմը դրուեցաւ՝ «Պելճիքայի Հայ Օգնութեան Միութեան» մեկուսի մասնաճիւղին:

Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, Վիգի Մարաշլեան եւ Լիզա Աւագեան ներկայացուցին ՀՕՄ-ի պատմականը, կառոյցը եւ համաhայկական ծրագիրները: Քննարկուեցան նաեւ տեղական գետնի վրայ ծրագիրներ մշակելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ էին 26 համակիրներ, որոնք ներկայիս մաս կը կազմեն ՀՕՄի նորաստեղծ կառոյցին: Ընտրուեցաւ 7 անդամներէ բաղկացած դիւան մը եւ կազմը անմիջապէս անցաւ կազմակերպական սկզբնական աշխատանքներուն:

Պելճիքայի ՀՕՄի մեկուսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան առթիւ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան ըսաւ. «Կարող ենք հպարտօրէն յայտարարել, թէ ՀՕՄը այսօր որպէս անկախ, համահայկական մարդասիրական միութիւն, կը ծառայէ ամենուրէ՛ք, հասնելով հայ ժողովուրդի ֆիզիքական, ընկերային ու մշակութային կարիքներուն։ Ներկայիս, ՀՕՄի համահայկական ընտանիքը կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, թէ այս կազմակերպութիւնը իր հարիւրամեայ գործունէութենէն ետք, ներկայիս կը մնայ նոյնքա՛ն աշխոյժ, կանգուն եւ լաւատես, ինչպէս որ էր իր սկզբնական շրջանին՝ միշտ պայծառ ապագայի մը հեռանկարով: Այժմեականացում 21րդ դարու ընծայած նո՛ր գաղափարներու, նո՛ր կարելիութիւններու ընկալման իմաստով»:

Այս այցելութեան ընթացքին, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները նաեւ ներկայ գտնուեցան Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս, Արցախի նուիրուած ձեռնարկներուն եւ հանդիպումներ ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեանի, Եւրամիութիւն- Հայաստան Եւրոպական խորհրդարանէն ներս բարեկամութեան խումբի նախագահ, եւրոերեսփոխաններ Էլէնի Թէօխարուսի եւ Ֆրանք Էնկելի, եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.