Իսրայէլ Պէտք Չէ Զէնք Ծախէ Ազրպէյճանին, կ՚ըսէ հրեայ ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոն


Հրեայ ցեղասպանագէտ եւ պատմաբան Եայիր Օրոն իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ Ազրպէյճանի կողմէ հայերուն նկատմամբ ցուցաբերած ատելութեան երեւոյթներուն, Ազրպէյճանի ռազմական ուժի աճին եւ այդտեղ լարուածութեան աճին լոյսին տակ՝ գոյութիւն ունի այն վախը, որ Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն միջեւ դարձեալ պատերազմ ծագի եւ վիճելի տարածքին մէջ հայ բնակչութեան դէմ ջարդեր գործուին։

Հակառակ այս յստակ պատկերին, (Իսրայէլի) պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն անցեալ ամիս մեկնեցաւ Ազրպէյճան հանդիպում ունենալու համար այդ երկրին բանակին եւ պետութեան ղեկավարներուն, ներառեալ նախագահին հետ։

Հայերուն համար ազրպէյճանցիներուն հետ հակամարտութիւնը վերապրումի պայքար է, Լեռնային Ղարաբաղ շրջանին մէջ ապրելու իրենց իրաւունքին համար պայքար է։ Յառաջիկայ տարի 100-ամեակն է հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան։ Ազրպէյճանական յարձակում մը, եթէ տեղի ունենայ, կրնայ այդ օրերու դէպքերու ցաւալի յիշեցում մը ըլլալ։

Սակայն թերեւս պատերազմը կանխարգիլելու համար շատ ուշ չէ։ Իսրայէլ այս հարցին մէջ իր միջազգային պարտաւորութիւններէն անդին՝ բարոյական պարտաւորութիւն ունի։ Շատ լուրջ հարց պիտի ըլլայ եթէ ի յայտ գայ, որ Ազրպէյճանի ապահովական ուժերը պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած են օգտագործելով իսրայէլեան զէնքեր։

Անցեալ մայիսին Հայաստանի նախագահէն պարգեւատրուելու համար Հայաստան այցելութեանս ընթացքին, զիս տեղեակ պահեցին մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութենէն։

Ըստ օտար մամուլի տեղեկատուութեան, վերջին տարիներուն Իսրայէլ Ազրպէյճանի զէնք մատակարարող գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն է, թէեւ ոչ գլխաւորը։

Իսրայէլը Ռուսիոյ նման կ՚անտեսէ զէնքերու մատակարարման արգելքը։ Փետրուար 2012-ին, օտար մամուլը եւ «Հաարեց»-ը հաղորդեցին, որ Իսրայէլ համաձայնութիւն ստորագրած է Ազրպէյճանին 1,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր մատակարարելու շուրջ։ Իսրայէլեան արտադրութեամբ առնուազն երկու անօդաչու թռչող սարքեր ինկած են Ղարաբաղի մէջ վերջինը՝ Օգոստոսին։

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ զէնք կը մատակարարէ երկիրի մը, որ ցեղասպանութիւն կը գործէ։ Իսրայէլ 1990-ական թուականներու սկիզբը պալքանեան պատերազմի ընթացքին զէնք մատակարարեց սերպերուն, թէեւ ՄԱԿ արգելք հաստատած էր։

Ցեղասպանութիւն գործող կառավարութեան մը զէնք մատակարարելը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին նացիական Գերմանիոյ զէնք մատակարելուն կը նմանի։

Իսրայէլ պէտք է ետ կենայ այդպիսի արարքներէ, որովհետեւ մենք Ողջակիզումէն վերապրած ժողովուրդ մըն ենք։ Որոշ երկիրներու կողմէ տակաւին չճանչցուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընթացքին ողբերգական ոճիր եւ մարդասիրական աղէտ մը կրնայ տեղի ունենալ։

Օգոստոսի կիսուն, փաստաբան Իթայ Մաք եւ ես պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ զէնքերու արտածման վերահսկող բաժանմունքի ղեկավար Տուպի Լաւիին անմիջական խնդրագիր մը ներկայացուցինք, դադրեցնելու համար Ազրպէյճանին իսրայէլեան զէնք ծախելը։ Պահանջեցինք, որ ան իր իշխանութիւնը օգտագործէ չեղեալ նկատելու կամ առնուազն ներկայ մագլցումին մինչեւ աւարտը ուշացնելու համար արտօնագիրները, որոնք պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է այդ առուծախին համար։

Ստացանք պատասխան մը, որ փոփոխութեան ցուցանիշ չէ։ Պատասխանին մէջ նշուած էր.«Մենք ձեր նամակին կէտերը ուշադիր կերպով քննեցինք։ Ռազմական արտածումը ուշադրութեամբ կը քննուի… աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւանց եւ հակամարտութեանց նկատառումները լրջօրէն նկատի կ՚առնուին»։

Տողերուս հեղինակը եւ Իթայ Մաք աշխատանք կը տանինք հասարակութեան ուշադրութեան յանձնելու իսրայէլեան զէնքերու առուծախը այն երկիրներուն հետ, որոնք պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ կը գործեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.