Երեւանը Եւ Ամմանը Դարձան Քոյր Քաղաքներ
1524
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յորդանան կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ամմանի պաշտօնակիցին հետ համաձայնագիր մը ստորագրած է՝ Երեւանն ու Ամմանը քոյր քաղաքներ հռչակելու վերաբերող։
Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ եղած են երկու երկիրներու նախագահները: Փաստաթուղթին համաձայն՝ Հայաստանի եւ Յորդանանի մայրաքաղաքները պարտաւոր են փոխշահաւէտ գործակցութիւն ծաւալել ու փորձառութեան փոխանակում իրականացնել տեղական ինքնակառավարման, ներդրումներու ներգրաւման, կոշտ թափօններու կառավարման ու ջրամատակարարման եւ քաղաքային տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ։