Համշէնի եւ Տրապիզոնի Տոհմիկ օր


Ձեռնարկներ կան որոնք իրենց զուարճալի ընթացքով ոչ միայն հրճուանքով եւ ուրախութեամբ կը պատեն մեզ, այլ նաեւ կը ջերմացնեն եւ կը հարստացնեն մեր ներաշխարհը, յիշատակելի ապրումներով կը թափանցեն մեր հոգիներէն ներս եւ անմոռանալի հետք մը կը ձգեն մեր սրտերուն մէջ. այդպիսին էր Հ.Օ.Մ. ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած Տոհմիկ Օրուայ 21-րդ ձեռնարկ-խրախճանքը ձօնուած Տրապիզոն նահանգի եւ Համշէնի:

 Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2014, երեկոյեան ժամը 7ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը լեցուն էր շուրջ 400 ազգայիններով. եկած էին միասնաբար տօնախմբելու Տրապիզոնի եւ Համշէնի նուիրուած 21-րդ Տոհմիկ Օրը:

 Այստեղ տեղին է յիշել որ այս տարի եւս պատրաստուած էր բովանդակալից գիրք մը նուիրուած Տրապիզոնի եւ Համշէնի. երկար ամիսներու պրպտումներու եւ անխոնջ աշխատանքի արդիւնք այս գիրքէն օրինակ մը տրուեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի: Գիրքը ամբողջացուած է 166 պատկերազարդ, գունաւոր եւ սեւ ճերմակ էջերով, որու կողքի էջին հովանաւորն է Տիկ. Ռիթա Շէմիլեան: Գիրքի բովանդակութիւնը կ՝ընդգրկէ Տրապիզոնի եւ Համշէնի եւ շրջաններու աշխարհագրական, պատմական, մշակութային եւ սովորոյթային երեւոյթները, հարստացնելով մեր գիտելիքներու եւ տեղեկութիւններու պաշարը: Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ անգլերէն լեզուով յապաւումներով տեղեկագրութիւն մը Տրապիզոնի եւ Համշէնի մասին: Շնորհաւորելի են գիրքը պատրաստող ընկերուհիները. վարձքերնիդ կատար:

Ձեռնարկի մեկնարկը սկսաւ Տոհմիկ Օրուայ յանձնախումբի Ատենապետուհի ընկերուհի Հուրի Նաճարեանի բարի գալուստի ջերմ խօսքերով. որմէ ետք ան անցաւ օրուան նուիրուած նպատակին վերաբերող կարգ մե մանրամասնութիւններու հետեւեալ մեկնաբանութիւններով. Հայ Օգնութեան Միութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան , բարեսիրական գործունէութեան կողքին կը ջանայ պահել եւ յաջորդ սերունդին փոխանցել , հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները՝ մեր ազգի ժառանգութիւնը: Տոհմիկ Օրերու ոգեկոչումը այն նախաձեռնութիւններէն է որ ճիգ մըն է արմատներու ճանաչման եւ իքնութեան պրպտումի, մենք զմեզ ճանչնալու: Պահպանուած Համշէնի բարբառը լաւագոյն փաստն է համշէնցիին հայկական ինքնութեան: Կ՝ողջունենք համշէնցիին զարթօնքը, պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, լեզուն, պարն ու երգը եւ բարքերը, կ՝ողջունենք նաեւ նորաստեղծ համշէնցիներու «Հատիկ» միութիւնը եւ «Գօր» համշէնցիներու բարբառով առաջին ամսաթերթը: Տոհմիկ Օրուան ոգեկոչման ընդմէջէն մենք ալ մեր կարգին քիչ մը աւելի ճանչնանք Համշէնն ու համշէնցիները . կը զօրակցինք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն որ կարչած մնան իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան: Տրապիզոն նահանգին եւ Համշէնին ձօնուած այս տօնակատարութեան ընդմէջէն կ՝ողջունենք նաեւ բոլոր թաքուն հայերը:

 

 

Այս ոգեշնչող խօսքերէն ետք մուտք գործեցին Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբի պարման պարմանուհիները իրենց ձեռքերուն բարձր բռնած ցուցատախտակներ որոնց վրայ արձանագրուած էին շրջանի քաղաքներու եւ Հայ իշխաններու անունները: Այս տպաւորիչ մուտքէն ետք պարախումբը, ղեկավարարութեամբ պարուսոյց Լոռի Նաճարեանի, ներկայացուց համշէնական ոճով 3 պարեր «Թէք Թամզարա», «Հարսի Պար» եւ «Թռթրուկ Հորոն» , իսկ վերջին պարին ընկերակցեցան Տոհմիկ Օրուայ յանձնախումբի կարգ մը անդամներ: Պարուսոյց Լոռի Նաճարեան պարերու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն եւ ան շեշտեց թէ պարը կարեւոր մասնիկն է համշէնցիներու մշակոյթին եւ կենցաղին. անոնք կը պարեն զանազան տօներու առթիւ, նոր տարուան, Սուրբ Ծնունդին, ջրօրհներգին, բարեկենդանին, Զատկուան, համբարձման եւ նոյնիսկ մեռելոցին առթիւ, որը ոչ թէ ողբի այլ նախնիներու յիշատակի տօն է: Բոլոր տղամարդիկ կը կոչուին «գթրիճ». հիմնական տղամարդկանց պարերը տեղի կ՝ունենան, հարսանիքներուն, բարեկենդանին եւ զատկուան առթիւ: Քիչ առաջուայ պարը «գթրիճներու» պարը կը կոչուի «Թռթրուկ» կամ «Թիթրէմէ» որոնց շարժումները կը բացայայտեն յարձակողական եւ պաշտպանողական բնոյթ: Պարեցին նաեւ «Թաք Թամզարա» պարը որը յատուկ է տղամարդկանց. նաեւ պարեցին «Սրաբար» այսինքն շարքով պար, որը ճանչցուած է «Հայսին» պար անունով, այսինքն «Հարսին» պար որ կը կատարուի հարսանիքներու աւարտին եւ կը մասնակցին բոլոր զոյգերը, ամուրիներուն եւ այրիներուն արգիլուած էր մասնակցիլ սոյն պարին:

Մեծ հաճոյքով նաեւ ականատես եղանք Տրապիզոն նահանքի քաղաքներու եւ Համշէնի հովանաւորներու մեծարանքին, որոնց յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց ընկերուհի Հուրի. անոնք գնահատուեցան զարդասեղերով, ձեռամբ Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ատենապետուհի ընկերուհի Վարսենիկ Սարգիսեանի: Սոյն զարդասեղերը սիրայօժար պատրաստած ու նուիրած էին Տէր եւ Տիկ. Գէորգ եւ Սիւզան Նաճարեանները, որոնք եւս գնահատուեցան յուշանուէրով մը:

 Տրապիզոն նահանգի եւ Համշէնի քաղաքներ.- Օրտու, Սամսոն, Կիրասոն, Արդուին, Ռիզէ, Հոփա, Իւնյէ եւ Տրապիզոնի հովանաւորներն էին Տէր եւ Տիկ. Արամ եւ Արուսեակ Աթամէր, Տէր եւ Տիկ. Ալէն եւ Տօքթ. Սոնիա Սիմոն Աթամէր: Իվօն Անդրէասեան, Լեւոն Անդրէասեան, Հրանդ Անդրէասեան: Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Անի Ակինեան: Բժշ. Մասիս եւ Տիկ Էլիզապէթ Աշըք: Տէր եւ Տիկ. Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան: Տէր եւ Տիկ Ստեփան եւ Հուրի Նաճարեան: Տէր եւ Տիկ. Միհրան եւ Սեդա (Սիրաքեան) Չաւտար: Տիկ. Ռիթա Սարաֆեան Մուշլուեան: Տէր եւ Տիկ. Արամ եւ Թալին Սարեան: Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սեդա Պալեան: Տէր եւ Տիկ. Րաֆֆի եւ Ճոյ Պետրոսեան: Փրօֆ. Ժոզեֆ Կիւլսոյ որ ծնած է Օրտու քաղաքը, իբր Պոնտահայերու ներկայացուցիչ մեծարուեցաւ իր բեղուն կեանքին համար, որ ներկայացուց ընկերուհի Հուրի, շեշտը դնելով անոր կենսագրական գիծերու մասին, դրուատելով անոր տարբեր արժանիքները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Գերաշնորհ Տէր Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանը, Առաջնորդ Գանատայի Կիլիկեան Թեմի, օրհնելու սեղանները եւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հ.Օ.Մ. –ուհիներու ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, եւ շեշտեց թէ անոնք իրենց աշխատունակութեամբ, զոհաբերութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ անշահախնդիր ծառայութեամբ կը մնան ու պիտի շարունակեն ըլլալ գեղեցկագոյն զարդը Թորոնթոհայ պատմութեան: Սրբազան հայրը օրհնեց համշենական ոճով պատրաստուած աղանդերներով ճոխ սեղանները ուր հրամցուեցան, ձէթով փաթոյթ (սարմա) բանճարով, պանիրով երշիկով պէօրէկ, տապկուած ձուկ համսի եւ սմելդ, թթուաշ կանաչ լուբիա սոխարածով տապկուած, լոլիկով վարունգով հայկական աղցան, համշէնի սեւ կաղամբով (kale) սպաս, լաւաշ, մատնաքաշ, եգիպտացորենի հաց, եւ այլ ճաշեր որոնք բծախնդրօրէն պատրաստուած էին յանձնախումբի անդամ ընկերուհիներու կողմէ: Ներկայ էր նաեւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանը: Այս միջոցին ցուցադրուեցաւ նաեւ պատկերիզ մը Համշէնի մասին համադրուած Օննիկ Նազարեանի կողմէ:

 

Տոհմիկ Օրուայ խրախճանքը բարձր տրամադրութեան մէջ պահեց ներկաները , վստահաբար երկար ժամանակ իրենց յիշողութեան մէջ թարմ պիտի մնայ: Ձեռնարկ մը որ ոչ միայն յաջողեցաւ այլ՝ գերազանցեց:

 Համշէն մեր սէր մեր թախիծ՝ «Հայեր…..Անոնք ալ հայ են….»

 Սոնիա Գրաճեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.