102 Տարեկան վերապրող Արշալոյս Մուրատեանը «Էրկիրը» Դարձեալ Տեսնելու Յոյսը Չի Կորսնցներ


Արմէնփրէս – Արշալոյս Մուրատեան Արարատի մարզի Էջմիածին շրջանի Ակնալիճ գիւղի ամէնէն տարեց բնակիչն է։ Ան ծնած է 1912 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Խնուս շրջանի Գոպալ գիւղին մէջ կամ, ինչպէս ինք կը կոչէ, «Էրկրի» մէջ։

«Կը կարծես, մեր կամքո՞վ եկած ենք…Թուրքը յարձակեցաւ, կոտորեց, եկանք այստեղ։ Աստուծոյ փառք, ապրեցանք», անցեալի մասին վերյիշումը այսպէս կը սկսի 102 տարեկան կինը, որ երեք եղբայր ունեցած է։ Անոր փրկելու համար ծնողները՝ Եղիազարն ու Նուարդը, զինք դրած են սայլի մը մէջ ու ծածկած խոտով։

Վերապրող ականատեսը կը յիշէ, որ շատերը երեխաները պահելու, գերութենէն փրկուելու համար ճիշդ այս «հնարամիտ» եղանակը ընտրած են։ Ընտանիքը առանց զոհերու հասած է Արեւելեան Հայաստան։

Սկզբնական շրջանին հաստատուած են Ալագեազ գիւղին մէջ, ապա՝ Ակնալիճի մէջ։

«Հայրս բարձրագոյնը աւարտած մարդ էր։ Էրկրի մէջ կ՚ապրէին էլի, սակայն թուրքի տիրապետութեան տակ կ՚ապրէին», կը նկատէ Արշալոյսը՝ յիշելով եւս մէկ դրուագ, որ ծնողներէն լսած է։

«Թուրքերը քառասուն երիտասարդ նետեցին մարագն ու վառեցին։ Շատ դաժան օրեր տեսած են մեր հայերը թուրքի ձեռքէն», կ՚ըսէ տարեց կինը։

1933 թուականին պատմութեան հերոսուհին կ՚ամուսնանայ իր համերկրացի Սահակի հետ, կ՚ունենան տասը երեխայ։ Հակառակ կեանքի մէջ տեսած բազմաթիւ դժուարութիւններուն՝ ինքզինք բախտաւոր կը համարէ։ Արշալոյսը իրենց գիւղին մէջ աւելի քան հարիւր երեխայի օգնած է լոյս աշխարհ գալու։

Բացի այդ, ան նաեւ, զբաղած է դաշտային աշխատանքներով, բանուորութեամբ։ 

Գիւղի այսօրուան ամէնէ տարեց բնակիչը կը խոստովանի, որ ուշադրութեան եւ յարգանքի պակաս չի զգար։ Հարցին, թէ պիտի ցանկար երբեւէ վերադառնալ հայրենիք, ականատեսը ունի կարճ պատասխան.«հիմա ալ տանիս կ՚երթամ, եկուր իրարու հետ երթանք», կ՚առաջարկէ ան։ Արշալոյսը վստահ է, որ իրականութիւնը խեղաթիւրուած ներկայացնելու թուրքերու քաղաքականութիւնը երկար կեանք պիտի չունենայ։ 

Պատմութեան հերոսուհին ունի առողջ ըլլալու իր բանաձեւը։ Կտրուկ կերպով կը հրաժարի սուրճէն, քաղցրեղէնէն եւ մսեղէնէն՝ փոխարէնը նախընտրելով կաթնամթերքը։ Իր կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին հաւատքը, անդաւաճան սէրը առ Աստուած։ «Ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծոյ չհաւատալ», վրդովուած կը նկատէ ան։

Որդիներէն մէկը մէկ տարի առաջ կորսնցուցած է, ինչ որ վիշտ կը պատճառէ տարեց կնոջ։ Անոր առօրեան կը լեցուի ուրախութեամբ, երբ այցելութեան կու գայ 80-ը բոլորած դրացուհին՝ Անահիտը, որուն հետ երկար կը զրուցեն տարբեր հարցերու շուրջ։

Ընտանիքի մեծագոյն անդամին Մուրատեանները շրջապատած են հոգատարութեամբ։ Ժպիտով կը պատմեն մեծ մօր՝ հայկական արտադրութեան ֆիլմաշարերու նկատմամբ սիրոյ մասին։ Երեք տարի առաջ ամբողջ գերդաստանով նշած են Արշալոյս մեծ մայրիկի 100-ամեակը, որու ընթացքին ան երգած է, մինչեւ իսկ պարած։ Ականատեսը շատ կը փափաքի, որ բարութիւնն ու խաղաղութիւնը տիրեն աշխարհի վրայ, երիտասարդներն ալ ըլլան երջանիկ ու առողջ։

Ցեղասպանութենէն վերապրած անձերուն թիւը Հայաստանի հանրապետութեան ատարածքին ամէնէն շատ Արմաւիրի մարզի մէջ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.