Իսրայէլ Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութիւնը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն, որ այս օրերուն Ամերիկա կը գտնուի, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին իր պաշտօնակից Չաք Հէյկըլի հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը՝ նշելով, որ Թուրքիա ծիծաղաշարժ խաղ մը կը խաղայ։ Ան նշած է, որ հակառակ անոր, որ Թուրքիա ՆԱԹՕի անդամ է, Անգարա արտօնած է, որ պաղեստինեան ահաբեկչական «Համաս» կազմակերպութեան գրասենեակը Դամասկոսէն Պոլիս տեղափոխուի։ Ըստ նախարարին՝ ասիկա «անհաւատալի եւ անընդունելի է», միաժամանակ անուղղակիօրէն քննադատելով Ուաշինկթընը, որ անտարբեր կը ձեւացնէ ըլլալ այս իրողութեան դիմաց։
Եաալոն ըսած է, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս ներհակ է Ամերիկայի շահերուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.