Մահէն 21 տարի ետք Շահէն Մեղրեանին շնորհուեցաւ «Ազգային Հերոս»ի կոչում


Այսօր ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանով Արցախի ազգային հերոսի կոչում շնորհուեցաւ Արցախեան Ազատամարտի հրամանատարներէն Դաշնակցական Շահէն Մեղրեանին: «Եղնիկներ» զօրամասի զօրանոցին մէջ  կանգնեցուեցաւ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանը: Հանդիսութեան ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, եւ Շահէն Մեղրեանի մարտական ընկերները:

 

Շահէն Մեղրեան ծնած է Գիւլիստան, 1952 Յունուար 2-ին: Նախնական ուսումը ստացած ծննդավայրին մէջ, ապա հետեւած է տնտեսագիտութեան բարձր ուսման : 1973-ին վերադառնալով Գիւլիստան` պահածոյի գործարանի պատասխանատուի պաշտօնը ստանձնած է: Անդամ էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Իբրեւ Շահումեանի շրջանի ներկայացուցիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. 25-րդ ընդհանուր ժողովին:

 Շահէն Մեղրեանի մարտական ուղին սկսած է 1988 թուականին: 1990-ին անդամագրուած է ՀՅԴ կուսակցութեան։

Շահումեանի շրջանի ինքնապաշտպանութեան առաջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Մանաշի՚տի գիւղին մէջ, 1990-ին՝ երբ յունուար 12-13-ին ազերիները փորձեցին գիւղը տեղահանել, շրջանի նորաստեղծ խումբերը ետ շպրտեցին անոնց գիւղի սահմաններէն։

1991-ի յունիսին ազերիները, ռուսերու օգնութեամբ, գրաւեցին շրջանի Էրքէջ, Բուզլուխ, Մանաշիտ գիւղերը։ 1991-ին, Շահէնը՝ իր ջոկատներուն հետ կազմակերպեց գործողութիւն, որուն իբր արդիւնք սեպտեմբեր 11-13-ին ազատագրուեցան Էրքէջ, Բուզլուխ, Մանաշիտ գիւղերը։ Այդ գործողութիւնը առաջինն էր Ղարաբաղի մէջ, երբ արցախեան ազատամարտիկները կարողացան իրենց ուժերով, գրաւուած տարածքները ազատագրել։ 1991-ի  նոյեմբերի 29-ին Շահէնի գլխաւորութեամբ գրաւուեցաւ Թոդան ատրպէյճանական գիւղը։

1992-ի Շահումեանի բռնի տեղահանումէն ետք, Շահէնը կարողացաւ Հաթերք գիւղին մէջ իր շուրջը հաւաքել խումբ մը ազատամարտիկներ՝ թիւով 25 հոգի և այդ տղոց հետ անցաւ թշնամիի թիկունքը։ Այդպէս սկսաւ հայդուկային շարժումը ԼՂՀ հիւսիսային ճակատիթն վրայ։ Հայդուկներու անմիջական օգնութեամբ ազատագրուեցան Մարտակերտի շարք մը գիւղեր՝ Հաթերքը, Ակնաբերդը, Մատաղիսը, Տօնաշէնը, Դաստագիրը, Սարսանգի ջրամբարը։

1993-ի ապրիլին ազատագրուեցաւ Գիւլիսատնը և գրաւեցին դէպի շրջան տանող բոլոր բարձունքները։1993-ին  ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ ստեղծուեցաւ զօրամաս, որուն հրամանատար նշանակուեցաւ Շահէն Մեղրեանը։

Շահէնը կը պատրաստուէր ազատագրել Շահումեանը։ Բայց, 1993-ի ապրիլ 17-ին, երբ ուղղաթիռով իր ռազմական ընկերներուն հետ կը փոխադրուէր, ուղղաթիռը վար առնուեցաւ հակօդային հրթիռով… բոլորը զոհուեցան։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.