Հակառակ Որոշ Դրացիներու Անհանգստութեան՝ Իրան Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ Կապերը Սերտացնել


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Տարածաշրջանի շարք մը խնդիրներու շուրջ Իրանն ու Հայաստանը ունին ընդհանուր դիրքորոշում», յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարզիէ Աֆխամ:
Ըստ իրանական «Իրնա» լրատուական գործակալութեան՝ Աֆխամ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով դրացի երկիրներու կողմէ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հնչեցուած քննադատութիւններուն՝ նշած է. «Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ է լաւ համագործակցութիւն. երկու երկիրներուն միջեւ լուրջ համաձայնութիւններ ապահովուած են ու յոյս ունինք, որ կարճ ժամանակէն այդ համաձայնութիւնները կեանքի կը կոչուին»:
Շարունակելով խօսքը՝ մամլոյ խօսնակը ըսած է. «Վստահ եմ, որ մեր երկու երկիրներուն լաւ յարաբերութիւնները ուղղուած չեն այլ երկիրներու շահերուն դէմ»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 20-21ին երկօրեայ այցով մեկնած էր Իրան՝ հանդիպումներ ունենալով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ՝ նախագահ Հասան Ռոհանիի ու իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, եւ մասնակցած էր Սպահանի հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350րդ տարեդարձի միջոցառումներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.