Ժամանակը Չէ՞ Արդեօք Ճանչնալու Պոնտոսի Յոյներու եւ Ասորիներու Ցեղասպանութիւնը


Յասմիկ Յարութիւնեան «Ազգ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Վերջին երկու ամսուան ընթացքին Յունաստանի խորհրդարանը երկու շատ կարեւոր որոշում որդեգրեց։ Նախ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը՝ այսպիսով դառնալով Եւրոպայի մէջ նման օրէնք որդեգրող երրորդ պետութիւնը՝ Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք։ Երկրորդ կարեւոր որոշումը Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրեց շուրջ երկու շաբաթ առաջ կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծով Յունահայոց թեմը իրաւական ճանաչում ստացաւ։ Անշուշտ, այս օրինագիծերը առաջին հերթին ուղղուած են իրականացնելու այն համաձայնագրերը, որոնք Յունաստանը ստանձնած է Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային այլ կառոյցներէն, սակայն այդ որոշումները շատ մեծ նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար յատկապէս այսօր՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշէմին։ Յունաստանի կողմէ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը կրնայ նաեւ օրինակ հանդիսանալ եւրոպական այլ պետութիւններու մէջ։ Եթէ նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ Յունաստանի օրինակին հետեւողներ չըլլան, ապա քննարկումները այդ թեմայի ուղղութեամբ արդէն իսկ նպաստաւոր են Հայաստանի համար։ Անշուշտ, այս առնչութեամբ Հայաստանն ալ պէտք է տեղեկատուական քարոզչական լուրջ նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ եւ հանդիպումներու ժամանակ Յունաստանի օրինակը մատնացոյց ընելով շեշտէ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու անհրաժեշտութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ։ Սակայն ատոր զուգահեռ, ժամանակն է, որ Հայաստանի խորհրդարանը նախաձեռնէ եւ ճանչնայ Պոնտոսի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները։

Ասիկա ոչ թէ պատասխան պիտի ըլլայ Յունաստանին, այլ՝ ճիշդ մարտավարութիւն ընդդէմ Թուրքիոյ։ Առաջին հերթին դատապարտելով ցեղասպանութիւնը այդպիսի արհաւիրք տեսած ազգը կը փորձէ կանխարգիլել ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը։ Ասիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ յատկապէս ներկայիս, երբ Իրաքի մէջ եւ Սուրիոյ հիւսիսը կը կատարուի այն, ինչ տեղի ունեցած էր 100 տարի առաջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ։ Անշուշտ, Պոնտոսի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալով դժուար թէ Հայաստանը կարողանայ սթափեցնել գերտէրութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, որպէսզի անոնք իրական եւ սթափ գնահատեն Իրաքի մէջ կատարուելիքն ու կանգնեցնեն ոճրագործութիւնը, սակայն միւս կողմէ, ասիկա պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան դէմ պայքարի հերթական փուլ, միջոց եւ քայլ։

Հարցը բարոյական հարթութենէն զատ ունի նաեւ քաղաքական-դիւանագիտական կողմ։ Այս գաղափարախօսութիւնը բազմիցս բարձրացուցած է թրքագէտ Արտակ Շաքարեանը։

«Ճանչնալով Պոնտոսի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը, Հայաստան միաժամանակ կը հերքէ թրքական այն թեզը, որ Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն պատերազմած են հայերու դէմ, որովհետեւ անոնք կ՚աջակցէին ռուսական բանակին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ թուրքերը կոտորած են նաեւ յոյները եւ ասորիները, մինչդեռ այդ ազգերը որեւէ կապ չունէին ռուսերու եւ ռուսական բանակի հետ։ Ասիկա ծրագրուած սպանդ եղած է քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ, որմէ, անշուշտ, ամէնէն շատ հայերը տուժած են», կ՚ըսէ Շաքարեան։

Նոյն տեսակէտը արտայայտող ամերիկահայ ցեղասպանագէտ Արմէն Մասրուպեանի գնահատմամբ, Հայաստանի խորհրդարանը անյապաղ պէտք է ճանչնայ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը, այս ձեւով ոչ միայն պահանջելով աշխարհէն արդարութիւն, այլ նաեւ ինք օրինակ ծառայելով եւ պայքարելով ցեղասպանութիւններու միջազգային ճանաչման համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.