Դաշնակցութեան Քայլարշաւ Եւ Հանրահաւաք՝ Արդար Պետութեան Մը Կերտումի Վճռակամութեամբ
ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Ապրիլին «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընտրական քարոզարշաւի ծրագիրներուն մաս կազմող քայլարշաւ եւ հանրահաւաք։
Յաղթանակի զբօսայգիէն ՀՅԴի ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, ազատամարտիկներ, «Քուէն ուժ է» շարժման գործիչներ ու կուսակցութեան համակիրներ քայլարշաւով հասած են մինչեւ Մատենադարան, հոն հաւաքուածները եւս միացած են իրենց, ու միասնաբար ուղղուած դէպի Ազատութեան հրապարակ:
Քայլարշաւին մասնակիցները յայտարարած են, որ պիտի պայքարին յանուն արդար ու ազատ ընտրութեան, որովհետեւ անկէ կախեալ է Հայաստանի ապագան։ Մասնակից ազատամարտիկները իրենց կարգին նշած են, որ Արցախի ազատագրումով իրենց պայքարը կանգ չէ առած, այլ այսօր իրենք կոչուած են պայքարելու ամէն տեսակ անարդարութիւններու դէմ։ Անոնց համաձայն, ներկայ դրութեամբ պայքարը կը ծաւալի արդար ու ազատ ընտրութիւններու կայացման ի խնդիր, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի լաւապէս գիտակցի իր քուէին արժէքին եւ անոր տէր կանգնելով լաւ ապագայ մը կերտէ յառաջիկայ սերունդներուն համար։
Երիտասարդները դիտել տուած են, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին կանգնած է երկիրն ու ժողովուրդը, այդ պատճառով ալ պէտք է պահանջէ արդար ընտրութիւններ, որոնց արդար արդիւնքով իշխանութիւն պէտք է ձեւաւորել։
Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած է ՀՅԴի հանրահաւաքը, որուն ընթացքին մասնակիցներուն իրենց խօսքը ուղղած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան (խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք այսօրուան ՕՐԸ ՕՐԻՆ սիւնակով), ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Աղուան Վարդանեան, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան (Վարդանեանի եւ Մինասեանի խօսքերը ամբողջութեամբ պիտի տանք վաղուան թիւով), «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի լրատուական բաժնի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Ողջունելով հաւաքուածները՝ Գեղամ Մանուկեան անոնց յիշեցուց, որ երեք տարի առաջ ՀՅԴն նախաձեռնեց հայ-թրքական արձանագրութիւններու դէմ «ոչ»ի շարժում եւ յաղթեց՝ վիժեցնելով երկրի ապագային համար այդ վտանգաւոր գործընթացը:
«Այդ «ոչ»ով ՀՅԴն պայքարեց Հայայստանում եւ ՀՀից դուրս, որովհետեւ այդ «ոչ»ն ունէր մեծ խորհուրդ, այդ «ոչ»ն էր ապահովում մեր սերունդների ապագան եւ այդ «ո»չը մենք պարտադրեցինք: Այդ «ոչ»ից անցել է երեք տարի եւ սկսել է նոր փորձութեան շրջան, մեզ սպասւում են նոր յաղթանակներ, նոր պայքար, որն անպայման աւարտուելու է յաղթանակով», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան, աւելցնելով, որ հիմա ալ ՀՅԴն «ոչ» պիտի ըսէ որեւէ տեսակի անարդարութեան:
«Հայաստանում պէտք է իմանան, որ կա՛յ մի կուսակցութիւն, որը պատրաստ է ո՛չ ասել այդ անարդարութիւններին եւ կա՛յ մի զօրաւոր ժողովուրդ, որը պատրաստ է աջակցելու այդ կուսակցութեանը: Առաջիկայ մի քանի շաբաթներին մենք յաղթահարելու ենք այս «ոչ»ի փուլը», շեշտեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
«Եկէք յիշենք, թէ ովքեր են եղել խորհրդարանում, յիշենք խորհրդարանի քատրերը, պատգամաւորների ելոյթները, տեսնենք տասնամեակների ընթացքում ո՞ւմ ենք հանդուրժել: Հանդուրժել ենք անգրագէտների, կաշառակերների, գողերի, մարդկանց, ովքեր կապ չեն ունեցել խորհրդարանի հետ: Մենք նրանց հանդուրժել ենք, սակայն ներկայում պիտի թոյլ չտանք, որ նրանք կրկին բազմեն խորհրդարանում», հաստատած է Վահան Յովհաննիսեան:
Վ. Յովհաննիսեանը դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն՝ կոչ ուղղած է անոնց Դաշնակցութեան հետ ըլլալու։ Ան հաւաստիացուցած է, որ երկիրը հասած է այնպիսի հանգրուան մը, ուր մարդիկ կարիք ունին վճռական պատասխաններու եւ կեցուածքներու։ «Մեր տնտեսական մտքերը, գաղափարները տանում են, Դաշնակցութիւնը հարուստ է… լաւ կը լինէր, որ նրանք տանէին նաեւ Դաշնակցութեան յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը, ինչը փողոցներում գոռգոռալը չէ»։
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին՝ Վ. Յովհաննիսեան ըսած է, որ նոյնիսկ իրենք զիրենք ընդդիմադիր որակած կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները նկատած են, որ՝ «ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը լաւն է եւ յեղափոխական»:
Արմէն Ռուստամեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է երկիրին մէջ տիրող հարցերուն՝ նշելով, որ Դաշնակցութիւնը կը միտի անոնց լուծումներ գտնել։
Անոր համաձայն, Դաշնակցութեան առաջարկած ծրագիրը նորութիւն չէ, որովհետեւ այդ բովով անցած են յառաջադէմ բոլոր ազգերը. «Մենք պիտի հասկանանք, թէ որն է այն փորձը, որի միջոցով մեր երկրում մեր ժողովուրդը պէտք է լաւ զգայ եւ ոչ թէ թողնի ու լքի իր հայրենիքը»:
Ա. Ռուստամեան տարօրինակ նկատած է այն, որ հայ ազգը ինքզինք աւելի լաւ ու հանգիստ կը զգայ օտար պետութիւններու մէջ՝ յայտնելով, որ Հայաստանէն հեռանալը ոչ մէկ արդարացում ունի։
«Մենք եկել ենք ցոյց տալու, որ պէտք է դառնալ այնպիսի ազգ, այնպիսի պետութիւն, որ հայ մարդը իր երկրում պաշտպանուած զգայ: Պէտք է լինի ամբողջական իշխանափոխութիւն: 3 նախագահ է փոխուել, փոխուել են մարդկանց անունները, սակայն որեւէ բան չի փոխուել, դա եղել է իշխանութիւնների վերարտադրում», հաստատած է Ռուստամեան։