Ծննդավայրս՝ Քոպանի, Արաբ Բունար, Այն Էլ Արապ


Կեանքիս մէջ օր մը մտքէս չէի անցուցած որ ծննդավայրս կրնար աշխարհի լրատուական լուսարձակներուն կեդրոնը գտնուիլ, բայց եղաւ, ինչպէս երբեմն եղաւ մօրս ծնողաց բնակած Ազէզը, որ Արաբ Բունարի պէս աննշան վայր մըն էր Հալէպէն ոչ շատ հեռու թուրքիոյ սահմանին մօտ։ 

Երբ փոքր էի կը կարծէի որ Արաբ Բունարը աշխարհի ամենէն հեռաւոր վայրին մէջ կորսուած աննշան տեղ մըն էր, ուր ես ծնած էի՝ բաղդէս։ 

Ջարդերէն մազապուրծ ազատուած մեծ ծնողքս նախ Հալէպ հաստատուած էին եւ յետոյ չեմ գիտեր ինչու Արաբ Բունար եկած էին։ Երբ փոքր էի մտքէս կ՛ըսէի՝ «մարդ աշխարհի ամենէն մեծ ու գեղեցիկ Հալէպ քաղաքը կը ձգէ ու հոս կու գա՛յ։» Անակարելի բա՛ն մըն է որ մեր տուները բեռնակառքի մը կամ հանրակառքի մը վրայ բեռցնեն եւ Հալէպ փոխադրեն,,,։ 

Մեր գիւղաքաղաքին մէջ երկու մզկիթներ կային եւ անոնց քիւրտ Սուննի եւ Շիի հաւատացեալները երբեմն Ուրբաթ օրուան աղօթքի քարոզէն ետքը իրարու դէմ բուռն կռիւներ կ՛ունենային։ 

Անունը Արաբ Բունար էր, բայց այնտեղի արաբները իմ կարծիքով միայն քաղաքին կառավարական պաշտօնեաներն ու իրենց ընտանիքներն էին, քաղաքապետ, դատաւոր, ոստիկան, դպրոցի տնօրէն, ուսուցիչներ բանտապահներ, եւ քանի մը սահմանապահ զինուորներ, մնացեալը՝ քիւրտեր էին մեծաւ մասամբ, եւ հայեր իրենց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներով, եւ հայախօս Սուրիանիներ՝ իրենց եկեղեցիով, ու մի քանի թուրքման, զազա ու չերքէզ ընտանիքներ։ 

Արաբ Բունարը ունէր երկու մասեր՝ « ջուրէն ասդին եւ ջուրէն անդին» գետակ մը կ՛անցնէր մէջտեղի կամուրջին տակէն։ 

Թուրքիան՝ մեր տունէն հազիւ 200 քայլ անդին էր, եւ միջոցին՝ կար մաքսատունը եւ դաշտ մը ուր դպրոցէն արձակուելէ ետք զանազան խաղեր կը խաղայինք, եւ երբեմն, երբ մեր մէջ հայկական արիւնը եռար՝ թուրք տղոց վրայ պարսատիկով քար կը նետէինք, իրենք ալ մեր վրան։ Մեր սահմանին վրան միայն մի քանի սուրիացի զինուորներ կային, մինչդեռ թրքական կողմի՝ զինուորականներուն թիւը անհամեմատ կերպով աւելի մեծ էր, եւ այդ էր գլխաւոր պատճառը իմ հոն ապրիլ չուզելուս։ Կ՛ուզէի հեռու ըլլալ թուրքերէն՝որովհետեւ անոնք մեծ ծնողներուս հարազատները սպաննած էին եւ բռնագրաւեր էին իրենց տուներն ու կալուածները, որոնց փաստաթուղթերը մեծ հօրս տան խոշոր սնտուկին մէջն էին։ 

Սկիզբը Արաբ Բունարի բոլոր վաճառականները, արհեստաւորները, բժիշկներն ու մարզիյկները հայեր էին, վերջը քիւրտերն ալ սկսան։ Ունէինք երկու ակումբներ Հ, Մ, Ը, Մ, եւ Հ, Բ, Ը, Մ, / Հ, Ե, Ը, իրենց սկաուտական կազմերով փողերախումբերով եւ ֆութպոլի խումբերով, որոնք կը մասնակցէին Հալէպի մէջ Սուրբ Զատկին տեղի ունեցող տարեկան Միջ Մասնաճիւղային զոյգ մրցումներուն ու տողանցքներուն։ Հայերը առաւելաբար Ուռֆա Կարմուրճի եւ Տիգրանակերտի բարբառներով կը խօսէին իրարու հետ։ 

Երբ որ ծնայ Արաբ Բունարի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քիւրտ էր։ Հայերն ալ շատ էին, այնքան շատ որ ունէին երկու դպրոցներ Խրիմեան Ազգային նախակրթարան վարժարանը՝ ուր կը յաճախէին քոյր եղբայրներս եւ ես, կար նաեւ Բարեգործականի Աւետիս Սարաֆեան նախակրթարան վարժարանը Տարեվերջերուն փառաւոր դպրոցական հանդէսներ կ՛ունենայինք ու ես Հարմոնիքա եւ աքորտէոն կը նուագէի, ունէինք նաեւ թատերախումբեր։ Մեր գիւղաքաղաքի հայերուն մեծամասնութիւնը՝ Ուռֆացի/ Կարմուրճցիներ էին, յետոյ՝ Տիգրանակերտցիներ՝ որոնց մեծամասնութիւնը իրարու ազգականներ էին եւ ջուրէն ասդին կը բնակէին՝ թուրքիոյ սահմանին մօտ։ Կային նաեւ Պէրէճիկցի հայ ընտանիքներ։ 

Բայց, տարուէ տարի հայոց թիւը նոսրացաւ, Տէր Հայր եւ հայ ուսուցիչներ հեռացան, եկեղեցին այնքան ատեն որ հայրս հոն էր՝ բաց մնաց, Խրիմեան վարժարանը փակուեցաւ, հայոց կալուածները յանձնուեցան Հալէպի Առաջնորդարանին։ Բարեգործական դպրոցը բաւական ատեն բաց մնաց, եւ հոն յաճախող աշակերտներէն ոմանք Կիրակի օրերը հօրս հետ սուրբ պատարագի շարականները երգեցին տարիներով։ Մեր ակումբները փակուեցան, վաճառատուներն ու տուները ծախուեցան, մնացին միայն մէկ ձեռքի վրայ հաշուող հայեր՝ բժիշկ եւ դեղագործ։ 

Ունէինք գեղեցիկ լիճ մը ուր պտոյտի կ՛երթայինք, բայց դժբախտ օր մը անակնկալ հեղեղին քշած տիղմը անոր ակին աչքերը չորցուց եւ զայն խաղադաշտի վերածեց։ Կար նաեւ Պըզ Պըզ ջուրը որուն ջուրը շատ համով, թեթեւ ու մարսողական էր։ Հայերը ունէին ֆութպոլի երկու դաշտեր։ Բլուր մը ունէինք՝ որուն գագաթին սրբատեղի մը կար ԶԻԱՐԱԹ անունով։ Տարուան մէջ մի քանի անգամ հոն ուխտի կ՛երթայինք աղօթքի ու մոմ վառելու, անծանօթ սուրբին գերեզմանին։ Մեծ հօրս գերեզմանը հիմա այնտեղերն է։ Հայերը գերեզմանատուն մը ունէին քաղաքապետարանէն քիչ մը անդին, որ երբեմն կը սրբապղծուէր քիւրտերուն կողմէ։ Քառասուն տարի է որ չեմ գացած հոն։ 

Հիմա, քաղաքին տէրերը՝ Քիւրտերն են որոնք իրենց կեանքերը փրկելու համար թուրքիա փախած են, եւ երիտասարդ կամաւորներէն ոմանք իրենց ընտանիքը հոն ձգած կը վերադառնան իրենց քաղաքը՝ ամրակուռ շարքերով կռուելով փրկելու համար սուրիոյ երեք ամենէն աւելի քիuրտերէն բնակուած կեդրոնններէն մէկը՝ ծննդավայրս՝ Սրաբ Բունար, Այն Էլ Արապ, Քոպանին,,,։ 

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՕՂՈՍԵԱՆ 
Նիս, 27 Սեպտեմբեր, 2014 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.