Հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 5000 կրակոց


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի տուեալներով, հոկտեմբեր 12-18, Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանագիծի տարբեր կէտերու վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է 550 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 5000 կրակոց:

Հոկտեմբերի 13-ին՝ ժամը 16:15-ին, հարաւային սահմանի ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, հակառակորդի կողմէ արձակուած անկանոն կրակահերթին պատճառով, ծունկէն վիրաւորուած հայ զինուոր մը՝ 1995-ի ծնունդ Յովհաննէս Թադևոսեանը:

Վերջին օրերուն, հակառակորդը հրադադարի խախտման դէպքերը քառապատկած է:

Տարեսկիզբէն ի վեր ատրպէյճանական կողմը արձանագրած է հրադադարի խախտման 18 հազար դ՚էպք. 2013-ին այդ թիւը 13 հազար էր: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.