1915-ի Ուրուականները Կամ Քոպանիի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեսած անցեալը.«Միլլիյէթ»-ի Անդրադարձը


«100 տարի առաջ Քոպանի կոչուող վայր գոյութիւն չունէր։ Շատերը կ՚ըսեն, որ այդ բնակավայրի սկզբնական անունը Այն ալ Արապ եղած է, սակայն այդպիսի բնակավայր ալ չկար։ 100 տարի առաջ այնտեղ Արաբ Փունար կոչուող փոքրիկ գիւղ մը կար», կը պատմէ «Միլլիյէթ» թերթի յօդուածագիր Ասլը Այտընթաշպաշ։

«Այս փոքրիկ գիւղի պատմութիւնը այսօր Ռուսիայէն մինչեւ Նիւ Եորք ամբողջ աշխարհի օրակարգի վրայ յայտնուած է, սակայն այս պատմութիւնը կ՚արժէ պատմել…

«Պերլին-Պաղտատ ցամաքային ճանապարհը Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ամէնէն կարեւոր քաղաքական եւ տնտեսական նախագիծն էր։ Արաբ Փունարի մասին առաջին յիշատակումը գերմանացիներու կողմէ կառուցուած ճամբու փոքրիկ կայարանի կառուցումէն ետք եղած է…

«1912 թուականն է…Ուրֆան հայերով եւ արաբներով բնակուած մեծ բնակավայր է, իսկ Արաբ Փունարը՝ լեռան գագաթին գտնուող կայարան մը, որ փոքրիկ հիւղակներէ բաղկացած էր։

«Սակայն Արաբ Փունարը պատմութեան թատերաբեմին վրայ յայտնուեցաւ 1915-ի հայերու ջարդերու տարիներուն։

«Արաբ Փունարը սուրիական ճգնաժամի սկիզբէն շրջանառուող անուններու Ռասուլ Այնի, Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի պէս, Անատոլուէն գաղթած հայերու հաստատուած «ճամբարներէն» է։ Աւելի ճիշդ՝ աւելի մահացու, ողջ մնալը գրեթէ անկարելի ճամբարներ հասնելու համար «տարանցիկ կեդրոնը»։

«Հայկական արմատներով ֆրանսացի պատմաբան Ռէմոն Գէւորգեանը Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ 1915-ին Արաբ Փունարի ճամբարին մէջ տեղաւորուած 15 հազար հայերէն վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով օրական 100-170-ը կը մահանային։ Կարապետ Գափիճեանն ալ կը նշէ, որ ճամբարին մէջ 6 շաբթուան ընթացքին 4000 մարդ մահացած է։

«Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն Անատոլուի ամէն անկիւնէն տեղահանելով Սուրիոյ անապատներ մահուան կ՚ուղարկեր։

«Կ՚անցնի որոշ ժամանակ, եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կը քաշուի այդ սահմաններէն՝ Արաբ Փունարը Սուրիոյ ձգելով։ 1915-ին փրկուած հայերը ու շրջակայ գիւղերէն գաղթած քիւրտերը կամաց-կամաց այնտեղ կը հաստատուին։

«Ժամանակի ընթացքին այստեղ արաբ, քիւրտ, հայ, թուրքմէն ազգերէն բաղկացած խառն բնակչութիւն կը հաստատուի։ Դպրոցներ կը բացուին, եկեղեցիներ, մզկիթներ կը կառուցուին։

«1920-1930-ական թուականներուն Թուրքիոյ երիտասարդ հանրապետութեան հիմնական խնդիրներէն մէկը Սուրիայէն զինեալ խումբերու երկիր մուտքը արգիլելն էր։ Արաբ Փունարի մասին նաեւ այդ ժամանակահատուածին մէջ շատ կը խօսուի։ Անգարան Սուրիոյ մէջ հաստատուած քիւրտ-հայկական միութիւնը իրեն դէմ ուղղուած սպառնալիք կը նկատեր։

«Հետոյ կը ստեղծուի Սուրիական պետութիւնն ու արաբականացման քաղաքականութեան ծիրին մէջ բնակավայրը կը վերանուանուի Այն ալ-Արապ։

«Իսկ Քոպանի անունը, կ՚ըսեն, գերմանացիներու կառուցած կայարանի պատճառով. գերմաներէն «ընկերութիւն» «Kompanie» բառի աղաւաղուած ձեւն է։

«Ամէն պարագային Քոպանին այս կամ այն կերպ արդէն մէկ դար է եղունգներով կառչածներու, ինկած-ոտքի կանգնածներու քաղաքն է։ Այդ պատճառով ալ տակաւին կը դիմանայ…»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.