Իպոլա Հիւանդութիւն – Ebola


ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Իպոլա կամ իպոլա հիւանդութիւնը ժահրային հազուագիւտ եւ մահացու հիւանդութիւն մըն է: Յաճախ անիկա կը կոչուի Իպոլա արիւնահոսութեան հիւանդութիւն, որովհետեւ անոր յատուկ ախտանշաններէն կարեւորագոյնը անսպասելի արիւնահոսութիւնն է:

Այս հիւանդութեան ժահրը իպոլա ժահրն է, որ առաջին անգամ յայտնուեցաւ 1976-ին Սուտանի մէջ եւ Քոնկոյի Իպոլա գետին շրջակայքը: Այս ժահրը կը պատկանի Filoriridae ժահրերու խմբաւորումին: Իպոլա անուանումը կը վերագրուի Քոնկոյի Իպոլա գետին: Այս երկու երկիրներուն մէջ իպոլա հիւանդութիւնը շուտով տարածուեցաւ եւ վերածուեցաւ համաճարակի (epidemic):

Իպոլա հիւանդութիւնը երկրորդ անգամ յայտնուեցաւ 2012-ին Ուկանտայի եւ դարձեալ Քոնկոյի մէջ: Այս տարուան` 2014-ի համաճարակը երրորդն է, որ աւելի ահազանգային եւ բարդ է: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու, ներկայ համաճարակը տարածուած է մասնաւորապէս Կինէի, Սիէրա Լէոնէի եւ Լիպերիոյ մէջ: Մինչեւ օրս իպոլան խլած է 3400-է աւելի մարդոց կեանքը: Յայտնաբերուած են 7500 պարագաներ:

Իպոլան շատ արագ կը տարածուի Ափրիկէի այլ շրջաններու մէջ: Մահեր արձանագրուած են նաեւ Սենեկալի եւ Քոնկոյի մէջ:

Իպոլա ժահրը առաւելաբար հիւրընկալուած է Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու կապիկներու, շեմբանզէներու եւ չղջիկներու կողմէ: Այսինքն ժահրը կ՛ապրի այս կենդանիներու մարմնին մէջ: Իպոլա ժահրը կը փոխանցուի մարդուն, երբ ան դպչի այս կենդանիներուն մորթին եւ կամ անոնց մարմինէն արտադրուող հեղուկներուն, այսինքն` արեան, սերմնահեղուկին (semen), կրծքակաթին, մէզին եւ լորձունքին: Իսկ իպոլա ժահրի փոխանցումը վարակուող անձէ մը առողջ անձի մը, տեղի կ՛ունենայ նոյն ձեւով: Իպոլա ժահրի փոխանցումը եւ տարածումը օդի, ջուրի եւ ուտեստեղէններու միջոցաւ չի կատարուիր: Թխսումի շրջանը (incubation period) 10-21 օր է, այսինքն` հիւանդութեան ախտանշանները կը յայտնուին վարակումէն 10-21 օրեր ետք: Անոր փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ՛ունենայ հիւանդութեան ախտանշաններու յայտնուելէն ետք:

Իպոլա ժահրը վարակուող անձի մարմնին մէջ մտնելէ ետք կը տկարացնէ անոր ախտամերժութեան (immunity) համակարգը եւ կը հարուածէ մարմնի զանազան օրկանները: Վարակուողներուն 50-90 տոկոսը կը մահանայ: Չմահացողները կը կրեն իպոլա ժահր եւ կրնան փոխանցել զայն ուրիշներու` սերմնահեղուկի միջոցաւ:

Իպոլա հիւանդութեան ախտանշանները կը նմանին ճահճատենդի (malaria) եւ ընդերային տենդի (typhoid) ախտանշաններուն, հետեւաբար իպոլան պէտք է զատորոշել այս երկուքէն:

Իպոլա հիւանդութեան ախտանշաններն են` բարձր ջերմ, մարմնական տկարութիւն եւ յոգնածութիւն, մկանային ցաւ, սաստիկ գլխացաւ, փորի ցաւ, նողկանք, փսխունք, փորհարութիւն, հազ, կրծքացաւ, կոկորդի կարմրութիւն, մորթի դեղնութիւն-դեղնախտ (jaundice), անսպասելի արիւնահոսութիւն, աւշագեղձերու ծաւալում (lymph node hypertrophy), զառանցանք (delirium), անզգայութիւն (stupor) եւ հաւանական մահաքուն (coma):

Արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի տարբեր ձեւերով: Առաջին քանի մը օրերուն տեղի կ՛ունենայ մորթային մակերեսային կէտաւոր արիւնազեղում (petechiae) եւ ենթամորթային արիւնազեղում (ecchymosis): Ասոնց կը յաջորդէ բացայայտ` բերանային, սրբանային եւ հեշտոցային արիւնահոսութիւն: Կը տեսնուի նաեւ մորթային բշտիկաւոր ցան (rash):

Իպոլա հիւանդութենէ վարակուած անհատը կ՛ունենայ հետեւեալ երկու ընթացքներէն մէկը.

  1. Երկրորդ շաբթուան ընթացքին հիւանդին ախտանշանները կը մեղմանան ինքնաբերաբար եւ որոշ բարելաւում կ՛արձանագրուի:
  2. Հիւանդութիւնը կը յառաջանայ եւ բարդութիւններ կը յայտնուին մարմնի զանազան օրկաններու գործունէութեան մէջ: Այս պարագային ախտանշանները կը զօրանան, բարելաւում տեղի չ՛ունենար եւ ընդհակառակն` կը սկսին լեարդի կրկնուող բորբոքումներ, աչքի անօթապատեանաբորբ (uvietis), ամորձաբորբ (orchitis), բացայայտ արիւնահոսութիւն եւ մահ:

Համաճարակներու ընթացքին մահացութեան միջին տոկոսը (mortality rate) կը հասնի 50-ի:

Իպոլա հիւանդութենէ չմահացող անհատը կ՛ունենայ 10 տարուան ախտամերժողականութիւն իպոլա ժահրին դէմ:

Իպոլա հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը փաստուի գտնելով իպոլա ժահրը հիւանդին արեան եւ կամ անոր վարակուած հիւսկէններուն մէջ: Կը կատարուին նաեւ արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, լեարդի գործունէութեան, արիւնահոսութեան եւ մէզի քննութիւններ:

Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, մինչեւ օրս իպոլա հիւանդութեան դէմ յատուկ պատուաստ եւ հակաժահրային դարմանում գոյութիւն չունին: Սակայն շատ մը երկիրներու առողջապահական հաստատութիւնները շատ մեծ աշխատանք կը տանին գտնելու համար պատուաստ մը:

Յամենայնդէպս, վարակուած անձը պէտք է խմէ առատ ջուր եւ կամ անոր պէտք է ներարկել ներերակային յատուկ հեղուկներ: Ֆիզիքական հանգիստը շատ կարեւոր է: Հակաջերմն ու ցաւազերծ դեղերը ունին մեծ դերակատարութիւն: Զօրաւոր արիւնահոսութեան պարագային արեան փոխներարկումը կը դառնայ պարտաւորիչ:

Վարակուած անձը պէտք է մեկուսացուի: Կանխամեկուսացումի (quarantine) միջոցառումները պարտաւորիչ են, որպէսզի համաճարակներ տեղի չունենան: Նախազգուշական միջոցները պարտաւորիչ են համաճարակներու ընթացքին: Հիւանդանոցներու անձնակազմը պէտք է գործածէ յատուկ ձեռնոցներ, գոգնոց եւ դիմակ կամ քթաբերանակ (mask), իսկ բժշկական բոլոր գործիքները պէտք է հականեխուին մեծ ուշադրութեամբ: Ժողովրդային առողջապահական դաստիարակութիւնը խիստ կարեւոր է:

Այս օրերուս ամբողջ աշխարհը կը խօսի իպոլայի մասին: Պետութիւններ ահազանգի մատնուած են իպոլայով: Նոյնիսկ միջազգային համաժողովներու ընթացքին իպոլան նկատուած է  մարդկութեան առաջնահերթ վտանգ:

Կը լսենք ու կը կարդանք ամէն օր իպոլա հիւանդութեան մահասփիւռ տարողութեան մասին, Ափրիկեան իպոլա համաճարակ երկիրներէ ամէնօրեայ կոչեր կ՛ուղղուին համայն աշխարհին` անմիջական բժշկական անսահման  պէտքերուն հասնելու, որպէսզի կարողանան դիմագրաւել իպոլա «հրէշը»: Այս ափրիկեան երկիրները բժշկական բաւարար կեդրոններ եւ հարկաւոր միջոցներ չունին պայքարելու իպոլայի դէմ ու ընդունելու եւ դարմանելու իպոլայէն վարակուող բոլոր անհատները:

Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնները առաջին օրէն իրենց ամբողջական կազմերով հասած են օժանդակելու այս երկիրներու ժողովուրդներուն: Միջազգային դրամատունը մինչեւ օրս տրամադրած է 400 միլիոն տոլար` պայքարելու համար իպոլա հիւանդութեան դէմ եւ օժանդակելու այս երկիրներուն: Օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպաման Միացեալ Ազգերու համաժողովին` անդրադառնալով իպոլային, ըսած է. «Բաւարար չէ այն, ինչ կը կատարուի իպոլան դիմագրաւելու համար»: Ուստի, նախագահ Օպամայի որոշումով 3000 բանակայիններ շուտով պիտի ուղարկուին ափրիկեան այս երկիրները, օգտակար դառնալու իպոլայի դէմ պայքարին: Քանատայի կառավարութիւնը, իր կարգին, ղրկած է օգնական անձնակազմ մը, շարժական տարրալուծարաններ, հինգ միլիոն տոլար նիւթական օժանդակութիւն եւ իպոլայի դէմ հազար դեղաքանակ (dose) փորձարական պատուաստ:

Իպոլա հիւանդութիւնը կը տարածուի երկրէ երկիր` վարակուած մարդոց ճամբորդութեան պատճառով: Այս իսկ պատճառով իպոլան հասած է Միացեալ Նահանգներ: Թոմաս Տանքըն ամերիկացի ճամբորդ մըն է, որ դէմ յանդիման եկած է Լիպերիոյ մէջ իպոլա հիւանդութենէ վարակուած անձերու: Վերադառնալէ ետք Ամերիկա, կը փաստուի անոր իպոլայով վարակուած ըլլալը: Ան այժմ կը դարմանուի մեկուսացուած կեդրոնի մը մէջ փորձարական «Brincidofovir» դեղով: Անոր առողջական վիճակը լուրջ վտանգի մէջ է: Երկու սպանացի քարոզիչներ Ափրիկէի մէջ իպոլայով վարակուելէ ետք կը վերադառնան Սպանիա եւ մեկուսացուած դարմանումի կ՛ենթարկուին, սակայն երկուքն ալ կը մահանան: Այն հիւանդապահուհին, որ խնամած է այս քարոզիչները վարակուած է իպոլայով եւ ներկայիս մեկուսացեալ կը դարմանուի Սպանիոյ մէջ: Իպոլա ժահրը կրնայ գործածուիլ պատերազմներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու ընթացքին:

Հոկտեմբեր 10


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.