Քիւրտեր Կը Սկսին Քոպանիի Գրաւեալ Շրջաններէն Հեռացնելու Ծայրայեղականները


ՍՈՒՐՈՒՉ, Ատանա, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին հաղորդեց, թէ վերջին երկու օրերուն շարունակուած է Քոպանիի մէջ եւ անոր շուրջ գտնուող իսլամ ծայրայեղական զինեալներու դիրքերուն վրայ օդային ռմբակոծումները, որոնց ընթացքին ուղղակի հարուածներ ստացած են «Իսլամական պետութեան» մօտաւորապէս 30 դիրքեր ու սպաննուած են «հարիւրաւոր» զինեալներ։
Միւս կողմէ, քրտական աղբիւրներ Քոպանիէն «Սի.Էն.Էն.»ին հաղորդած են, որ քաղաքին մէջ ծայրայեղական զինեալներուն գրեթէ բոլոր դիրքերը վերագրուած են ու միայն երկու շէնքեր կը գտնուին անոնց հակակշիռին տակ։
Քաղաքական գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտարարեց, որ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Իսլամական պետութեան» մասին հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը աշխուժացնելու: Քերի Փարիզի մէջ Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Այս խմբաւորման ահաբեկչական նպատակներու դիմակայման կարիքին կը գիտակցինք»: Իր կարգին Լաւրով ըսաւ, որ կրնան աւելի լաւ գործակցիլ՝ ազդու կերպով լուծելու համար բազմաթիւ հարցեր, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ: Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ մեծագոյն սպառնալիքի վերածուած է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.