Սուրիա Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Իր Հողերուն Վրայ Ապահովական Գօտիներու Ստեղծումը


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեց. «Սուրիական հողերուն վրայ ապահովական գօտիներ ստեղծելու թրքական փորձերը ՄԱԿի սկզբունքներուն եւ նպատակներուն յստակ խախտումներ են: Սուրիա կտրուկ կերպով կը մերժէ որեւէ պատրուակով սուրիական հողերու որեւէ մասին վրայ ապահովական գօտիներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ իր հողերուն վրայ օտար ուժերու որեւէ թշնամական միջամտութիւն»:
Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծեց. «Սուրիա իր բարեկամներուն հետ խորհրդակցաբար պիտի որդեգրէ իր ազգային գերիշխանութիւնը, հողերուն միութիւնն ու աապահովութիւնը երաշխաւորելու առումով անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները»:
Իր կարգին, «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու դիտել տուած է, որ Թուրքիա կը փափաքի նման ապահովութեան գօտի մը, որ պիտի ընդգրկէ Քոպանին, ինչպէս նաեւ՝ Իտլիպը, Հասաքէն, Ճարապլուսը, եւ Հալէպ ու Լաթաքիա նահանգներու հիւսիսային շրջանները։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Ճազիրա» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.