Անգարայի քաղաքապետը կը մեղադրէ քրտացած հայերը


Անգարայի քաղաքապետ Մէլիհ Կէօքչէք (նկարը), որ յայտնի է նաեւ Twitter-ի վրայ իր զգայացունց ու աղմկալից իր գրառումներով, Հոկտեմբեր 14-ին հրապարակեց գրառում մը, որ թշնամութիւն կը հրահրէ հայերու դէմ եւ որու առընչութեամբ բողոքի ալիք բարձրացաւ համացանցի ընկերային ցանցերուն վրայ։

 Կէօքչէք «անաստուած հայեր» յորջորջեց այն քիւրտերը, որոնք Սուրիոյ քրտաբնակ Քոպանիի վրայ «Իսլամական ՊՌետութեան» յարձակումներուն դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած էին Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ ներս եւ պատերազմի դաշտի վերածած էին բազմաթիւ քաղաքներ։ «Արեւելքի մէջ քիւրտ անունի տակ թաքնուելով, սակայն արմատներով «atheist» (անաստուած) հայեր կան։ «Բայց ասիկա չի վերաբերիր Թուրքիոյ հաւատարիմ իմ հայ եղբայրներուն», գրած է Մէլիհ Կէօքչէք։

Անգարայի քաղաքապետը իր խօսքերու հաւաստիութեան համար զետեղած է տեսանիւթ մը, ուր PKK-ական քանի մը զինեալներ կը կապկեն իսլամական նամազը, իսկ ուրիշ զինեալներ ալ կը խնդան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.