Եւրոպայի 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթանակով Աւարտեց Մրցաշարքը


1015_UNDER-19Երէկ յետմիջօրէին Սերպիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Թ. խմբակի երրորդ մրցումը` Սան Մարինոյի եւ Հայաստանի հաւաքականներուն միջեւ:

12-րդ վայրկեանին Ռազմիկ Յակոբեան բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ 87-րդ վայրկեանին Հայկ Ոսկանեան նշանակեց Հայաստանի երկրորդ կոլը եւ Հայաստան յաղթանակով աւարտեց այս մրցաշարքը` 2-0 արդիւնքով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.