Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք աշակերտը դասարանէն դուրս դրուեցաւ


Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Րուպէ քաղաքի Սէնթ Անն գոլէճի աշակերտներէն 14ամեայ Իպրահիմ Գութլու դասարանէն հեռացուեցաւ որովհետեւ ան դէմ եկաւ պատմութեան դասագիրքին մէջ Հայկական ցեղասպանութեան մասին գրուածին ու այս նիւթի շուրջ բանավէճ մը ունեցաւ իր ընկերոջ հետ։ Գութլու (նկարը) այսպէս պատմեց դէպքին մասին. «Ես ուսուցիչին ըսի որ այդպիսի բան մը չէ պատահած։ Ընկերներէս մէկը ինծի ըսաւ որ երբ ցեղասպանութիւն կատարուեցաւ, դուն աշխարհ չէիր եկած»։ Ես ալ անոր հետ վիճաբանութիւն ունեցայ, զիս դասարանէն դուրս դրին։

Իսկ դպրոցի տնօրէնութիւնը ազդարարագիր մը ղրկեց Գութլու ընտանիքին։ Հոն գրուած էր հետեւեալը. «Պատմութեան ու աշխարհագրութեան դասերու ընթացքին իր ընդգրկած յարձակողական շարժուձեւերուն հետեւանքով երկրորդ անգամ ըլլալով ազդարարութիւն կ՚ուղղենք ձեր որդւոյն։ Ան հայկական ցեղասպանութեան մասին իր ուսուցչին ըսածներուն դէմ հակազդեցութիւն ցոյց տուած է, եթէ ան այս կերպ շարունակէ, դպրոցի կարգապահական խորհուրդն է որ պիտի որոշէ թէ ձեր որդին կրնա՞յ մնալ մեր դպրոցին մէջ, թէ ոչ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.