Քոպանիի զօրակցական հաւաքին մասնակցեցան ՀՅԴ ԳԵՄ-ը եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը


ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հոկտեմբեր 12-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան 20 անդամներ ներկայ գնուեցան ցոյցի մը, որ կազմակերպուած էր Մոնթրէալի քրտական գաղութին կողմէ, ի զօրակցութիւն պաշարուած Քոպանի քաղաքին:

Առաւօտեան ժամը 11-ին սկիզբ առած ցոյցը  Ֆիլիփ հրապարակէն սկսաւ տողանցել քաղաքի մայր պողոտաներուն վրայ։

Ցոյցը աւարտին, կազմակերպողները շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական կողմին իրենց զօրակցութեան համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.