Հայաստան Ստորագրեց ԵՏՄին Միանալու Համաձայնագիրը


ՄԻՆՍԿ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան 10 Հոկտեմբերին ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու փաստաթուղթերը: Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մինսկի մէջ՝ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին: ԵՏՄի լիիրաւ անդամակցութեան Հայաստանի համաձայնագիրը ստորագրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՏՄի միւս անդամ պետութիւններուն՝ քաղաքական աջակցութեան համար, եւ ընդգծեց, որ Հայաստանը պատասխանատուութեամբ պիտի վերաբերի իր անդամակցութեան նկատմամբ: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ ԵՏՄի անդամները իրենց խորհրդարաններուն մէջ մինչեւ տարեվերջ պիտի վաւերացնեն պայմանագիրը, որպէսզի Հայաստան եւս 1 Յունուար 2015ին դառնայ լիիրաւ անդամ:
Ստորագրութեան արարողութենէն առաջ Հայաստանի նախագահը խօսք առաւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին եւ ըսաւ. «Եւրասիական տնտեսական միութիւնը՝ հիմնուելով համընդհանուր եւ բոլորի համար հասկանալի սկզբունքների վրայ, այդ թւում՝ Առեւտրի համաշխարհային կազմակերպութեան նորմերի վրայ, բաց բնոյթ է կրում եւ ենթադրում է լիարժէք ու իրաւահաւասար համագործակցութիւն այլ ինտեգրացիոն միաւորումների եւ երրորդ երկրների հետ:
Համաշխարհային փորձը վկայում է, որ միաւորուելով տնտեսական ինտեգրացիոն կազմաւորումների ձեւաչափում՝ զարգացող երկրները կարող են զարգացման եւ մրցունակութեան բարձրացման աւելի մեծ տեմպեր գրանցել, եթէ, ի հարկէ, բոլոր մասնակիցների ներուժը եւ առաւելութիւնները ճիշդ օգտագործուեն: Մենք կ՛անենք ամէն հնարաւորը, որպէսզի Հայաստանը՝ հիմնուելով սեփական փորձի եւ մրցունակութեան առաւելութիւնների վրայ, այդ թւում՝ ինստիտուցիոնալ եւ կառուցուածքային բարեփոխումների շարունակման միջոցով, իր լուման ներդնի եւրասիական տարածքի ամրապնդման գործում:
Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք դրանում եւ պատրաստ ենք Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագրով նախատեսուած նպատակների իրականցման ուղղութեամբ սերտ փոխգործակցութեան»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին խօսած է Հայաստանի անդամակցութեան մասին՝ դիտել տալով, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ երկու տարի ետք Հայաստանի մէջ տեսանելի պիտի ըլլայ դրական ազդեցութիւն՝ միքրոտնտեսութեան բնագաւառին մէջ: Ըստ անոր՝ աւելի պիտի ամրապնդուին երեք երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պելոռուսի արագ աճող առեւտրաշրջանառութիւնը Հայաստանի հետ:
«Մեր կարծիքով՝ Հայաստան պատրաստ է Ռուսիոյ, Պելոռուսի եւ Ղազախաստանի հետ համահաւասար աշխատելու՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ: 2013 թուականի աշունէն՝ այս կարճ ժամանակամիջոցին, մեր հայ գործընկերները շարունակած են տնտեսական բարեփոխումները՝ զայն հասցնելով ընդհանուր չափանիշներուն, իսկ ազգային օրէնսդրութիւնը համապատասխանեցուցած են մեր համարկման միութեան եզրերուն:
Յոյս ունինք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալէ ետք առաջին երկու տարիէն Հայաստանի մէջ տեսանելի պիտի ըլլայ դրական ազդեցութիւն միքրոտնտեսութեան բնագաւառին մէջ: Երեք երկիրներու առեւտրաշրջանառութիւնը Հայաստանի հետ արդէն բարձր մակարդակով աճ ապրած է՝ տարեկան 10 տոկոսով աւելնալով:
Մաքսային եւ վարչագիտական պատնէշներու վերացումէն ետք նման դրական միտումը, յոյս ունիմ, որ աւելի պիտի ամրապնդուի: Պէտք է բարելաւուին նաեւ տնտեսական միւս առանցքային ցուցանիշները՝ սպառողական պահանջարկ, բնակչութեան իրական եկամուտը եւ աշխատունակութիւնը», յայտնած է Ռուսիոյ նախագահը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.