Cooperation and Emergency Architects-ը պատրաստ է օժանդակելու Հալէպի վարժարաններուն
Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր, 2014-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, հանդիպեցաւ Cooperation and Emergency Architects բարեսիրական կազմակերպութեան հետ։
Ճարտարապետներէ կազմուած մարդասիրական այս կազմակերպութիւնը ճանաչում ստացած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ։ Cooperation and Emergency Architects-ը անմիջական օժանդակութեան ձեռք կ՚երկարէ բնութեան աղէտներու, երկրաշարժներու, հեղեղներու եւ կամ պատերազմներու պատճառով տուժած անձերու եւ հաւաքականութիւններու։
Ազգային Առաջնորդարանի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցած վերոնշեալ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քէպէգի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնի ներկայացուցիչները եւ տոքթ. Կարին Փափազեան Կոստանեանը, որպէս յետ պատերազմեան հոգեվիճակի մասնագէտ հոգեբոյժ։ Հանդիպումը կը նպատակադրէր յետ-պատերազմեան Հալէպի մէջ բախումներու պատճառով քանդուած դպրոցի մը վերակառուցման նախածրագիր մը համադրել։ Ճարտարապետական ընկերութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ յետ-պատերազմեան ժամանակահատուածին պատերազմի արհաւիրքի բովէն անցած աշակերտներու հոգեվիճակը բարելաւուած միջավայրի մէջ տեղադրելու առաջադրանքին։