ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՀԱՅ ԳԻՒՏԱՐԱՐԸ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

86  տարեկան հասակին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կեանքէն հեռացած է բժշկական կարեւոր գիւտերէն մէկուն հեղինակը՝ տոքթ. Ռէյմընտ Տամատեան, որ գտած է շողանկարումով ախտորոշման սարքը՝ MRI-ը։ 1969 թուականին յայտնաբերելով բժշկութեան համար այս անփոխարինելի միջոցը՝ հիւանդութիւններու ախտորոշման համար պատկերահանող ու շերտագրող սարքը, Ռէյմընտ Տամատեանի անունը մտած է 20-րդ դարու ամենակարեւոր գիւտարարներու ցանկին մէջ: Տամատեան ծնած է Նիւ Եորք՝ Վահան Տամատեանի եւ Օտէթ Եազըճեանի ընտանիքի մէջ։ Անցեալ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութենէն ԱՄՆ հասած էր ընտանիքը՝ հաստատուելով Նիւ Եորք նահանգի Մելվիլ փոքրիկ գիւղաքաղաքին մէջ: Մանկութեան տարիներուն ան երազած է երաժիշտ դառնալ։ 8 տարի նոյնիսկ յաճախած է Ճուլիարտ յայտնի երաժշտական դպրոցը, սակայն յետագային հասկցած է, որ ճակատագիրը այլ ճանապարհ վերապահած էր իրեն համար եւ մանկութեան երազանքը մնացած է անկատար: Փոքր տարիքին անտարբեր չէր նաեւ մարզանքի նկատմամբ, նոյնիսկ մասնակցած էր Տէյվիսի բաժակի պատանեկան մրցաշարերուն: Սակայն թէ՛ ան եւ թէ ընտանիքը շատ արագ հասկցան, որ ո՛չ թէ արուեստի կամ մարզանքի, այլ գիտութեան ճանապարհով պիտի երթար:

Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէն կը մահանայ անոր մեծ մայրը՝ պայքարելով կուրծքի քաղցկեղի դէմ եւ այդ տառապանքը տեսնելով՝ թոռնիկը կ՚որոշէ նուիրուիլ բժշկութեան։ Մանաւանդ քաղցկեղածին հիւանդութիւններու վաղ ախտորոշման ուղղութեամբ կը նպատակադրուի աշխատանքի մը, որ կը փոխէ մարդոց կեանքը: Զինքը կը տանջէր այն երեւակայութիւնը, թէ արդեօք ինչո՞ւ հնարաւոր չէ մարդկային մարմնին շուրջ դնել սարք մը, որու միջոցով հնարաւոր կ՚ըլլայ տեսնել անոր ներքնամասը, կամ ալ կ՚երազէր պատուհան մը, որմէ նայելով կարելի է տեսնել ներքին գործարանները:

Դպրոցը աւարտելէ ետք Ռէյմընտ Տամատեան կրթութիւնը շարունակած է Ուիսքոնսինի համալսարանին մէջ` ստանալով ուսողութեան գիծով բարձրագոյն կրթութիւն, այնուհետեւ «Ալպերթ Այնշթայն» բժշկական քոլէճին մէջ՝ տոքթորի աստիճաններ: Բացառիկ ընդունակութիւններուն շնորհիւ ստացած է կրթաթոշակներ: Ուսանելուն զուգահեռ ան աշխատած է նաեւ իբրեւ թենիսի մարզիչ: Ի դէպ, այդ աշխատանքին ժամանակ ալ ան կը հանդիպի ապագայ կնոջ՝ Տոնա Թերին, որուն հետ կ՚ամուսնանայ բժշկական դպրոցը աւարտելէ յետոյ եւ ամբողջ կեանքին կը մնայ սիրող ու նուիրուած ամուսին սիրելի կնոջ, որու մահը յետոյ շատ պիտի ընկճէր զինք:

1971-ին, երբ ան Հարվըրտի համալսարանի մագիստրոսներէն էր, «Գիտութիւն» յայտնի ամսագրին մէջ տպագրած էր գիտական յօդուած մը, որուն մէջ կ՚ըսուէր, թէ ուռուցքները եւ սովորական հիւսուածքները զանազան կերպով կ՚արձագանգեն կորիզային մագնիսական դաշտին: Նման եզրայանգման եկած էր առնէտներու վրայ կատարուած հետազօտութիւններէն յետոյ, երբ առաջին անգամ բժշկութեան պատմութեան մէջ ան կը յաջողի իր մեթոտի կիրառմամբ առնէտի մօտ քաղցկեղ յայտնաբերել: Ամերիկահայ մասնագէտը համոզուած էր, թէ այդ մեքենականութիւնը կըր-նայ օգտագործուիլ նաեւ մարդոց պարագային քաղցկեղի վաղ ախտորոշման համար:

1972-ին ան առաջարկած է անցնիլ մարդու ամբողջ մարմնի զննման եւ հիւանդութեան ախտորոշման առանց վիրահատական միջոցի։ Դիմում ներկայացուցած է սարք մը ստեղծելու արտօնագիր ստանալու համար, սակայն հազիւ երկու տարի անց ստացած է այդ արտօնութիւնը` մագնիսական ոլորտին մէջ չարորակ նորագոյացութիւններու ախտորոշման համար: Քանի մը տարի անց մեթոտը փորձարկած է իր իսկ վրայ, սակայն իր մարմնին զանգուածը չէ արտօնած ճիշդ եզրայանգումներու գալ եւ աւելի ուշ փորձելով իր օգնականին վրայ՝ վերջապէս գիտականօրէն ապացուցուած է Տամատեանի տեսութիւնը: «Անոնք ինծի խելագար կը համարէին, երբ ես լսարանին կը ներկայացնէի անմիտ թուացող այն գաղափարը, թէ մարդը կարելի է դնել մագնիսի մէջ», յետագային պիտի պատմէր ան:

Տամատեանի յայտնագործութիւնը կը համարուի բժշկական ախտորոշման ոլորտին մէջ ամենամեծ յառաջընթացներէն մին: Անյիշելի ժամանակներէն մարդիկ փորձած են պայքարիլ տառապանք բերող հիւանդութիւններու դէմ, բայց ընդամէնը վերջին 200 տարիին է, որ բժշկութիւնը արագ զարգացում ապրած է:

1978-ին Տամատեան ստեղծած է սեփական ընկերութիւնը՝ «Fonar»-ը՝ MR-ի արտադրութեան համար: Իր ստեղծած առաջին սարքաւորումը, զոր անուանած էր «անսանձելի» (Indomitable), ի պահ դրուած է Ուաշինկթընի «Սմիթսոնեան» թանգարանին մէջ եւ այժմ կը ցուցադրուի Օհայօ նահանգի Գիւտարարներու փառքի ազգային դիւանին մէջ:

Տամատեան արժանացած է բազմաթիւ բարձր եւ հեղինակաւոր պարգեւներու։ 2001-ին իրեն շնորհուած է հեղինակաւոր «Lemelson-MIT» մրցանակը՝ իբրեւ «մարդը, որ յայտնագործեց շողանկարման շերտագրութեան սարքը»: Զինք անուանած են նաեւ «կախարդական պատուհան»ի հեղինակը եւ Հայաստանի մէջ իր մասին տպագրուած գիրքը կոչուած է «Կախարդական պատուհանը»:

Շատ խօսուած է, որ Տամատեան անիրաւօրէն զրկուած է Նոպէլեան մրցանակէն։ 2003-ին շատեր կը սպասէին, որ անոր պիտի տրուէր այդ մրցանակը, բայց շերտագրութեան ոլորտին մէջ կատարուած գիւտին համար Նոպէլեան մրցանակ ստացան երկու այլ գիտնականներ՝ Փիթըր Մենսֆիլտն ու Փոլ Լոթերպուր, որոնց նորարարութիւնը հիմնուած էր Տամատեանի կատարած գիւտին վրայ: Թէպէտ Նոպէլեան մրցանակի կանոններով՝ արգիլուած չէ նոյն անուանակարգին մէջ պարգեւատրել 3 եւ աւելի մարդիկ, բայց Տամատեանի պարագային նման որոշում մը չտրուեցաւ։ Սակայն, մարդիկ համոզուած են, թէ կարեւոր չէ մրցանակը։ Արդարեւ, կարեւորը այն է, որ Տամատեանի, Լոթերպուրի եւ Մենսֆիլտի միացեալ ջանքերուն շնորհիւ բժիշկները այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր կեանքեր կը փրկեն: Տամատեան շտապած է շնորհաւորելու Նոպէլեան մրցանակակիրները, որոնք իրենց գիւտը զարգացուցած են Տամատեանի հնարած սկզբնական սարքի հիման վրայ: Հակառակ անոր, որ հայ գիտնականը համեստ էր եւ պայքար չմղեց Նոպէլեան մրցանակի խաղերուն դէմ, սակայն այդ բանը դարձաւ նոյն մրցանակին վերաբերեալ հերթական մեծ թիւրիմացութիւնը։ Բազմաթիւ գիտնականներ հրապարակայնօրէն անհամաձայնութիւն յայտնեցին, բողոքի ելոյթներ ունեցան, յօդուածներ ստորագրեցին «Նոպէլեան անարդարութեան» մասին: Հեղինակաւոր պարբերականներ. օրինակ՝ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»ը յօդուած հրապարակեց՝ փորձելով վերլուծել անարդարութեան հաւանական պատճառները: MR-ի սարքի մասին գիրք գրած հեղինակներ նշեցին. «Եթէ չըլլար Տամատեանի յայտնագործութիւնը, մենք չէինք կրնար իմանալ, որ քաղցկեղի պէս լրջագոյն հիւանդութիւնները կրնան ախտորոշուիլ ընդամէնը մագնիսական սարքի մը միջոցաւ»:

Տամատեան հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է․ «Ես բացառիկ ներդրում կատարած եմ եւ ստացած առաջին արտօնագիրը։ Եթէ մարդիկ կը փափաքին փոխել պատմութիւնը, ես ոչինչ կրնամ ընել»:

 

1989 թուականին Տամատեանին՝ որպէս կարեւորագոյն նշանակութեամբ գիւտի հեղինակ, անունը ընդգրկուած է Միացեալ Նահանգներու Գիւտարարներու փառքի ազգային դիւանին մէջ:

2003 թուականին ամերիկեան «Վարդանանց ասպետներ» կազմակերպութիւնը, որու նպատակը հայ ժողովուրդի ձեռքբերումները պահպանելն ու հարստացնելն է, անոր «Տարուայ մարդ» տիտղոսը շնորհած է:

2019 թուականին 83-ամեայ Տամատեան կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան, ուր ծանօթացաւ բժշկական, առողջապահական ասպարէզին, հանդիպեցաւ իր գործընկերներուն հետ, արժանացաւ մեծ պատիւներու եւ իրականացուց իր եւ ընտանիքին տարիներու երազանքը՝ ըլլալ մայր հողին վրայ, շփուիլ հայրենի ժողովուրդին հետ եւ փորձել օգտակար ըլլալ անոր բարեկեցութեան: Երեւանի մէջ անոր ամէնուր ուղեկցած էր շերտագրութեան հայրենի լաւագոյն ու երիտասարդ մասնագէտներէն Նարեկ Մատինեան, որ կազմակերպած էր անոր այցելութիւնը Հայաստան: Նարեկ Մատինեան ամերիկահայ գիտնականի մահուան առթիւ գրած է հետեւեալը.

«Խոր ցաւով կը տեղեկացնեմ, որ իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուած է Ռէյմընտ Վահանի Տամատեան: Խօսք չեմ գտներ նկարագրելու համար, թէ ինչ արժէք ունի ան ինծի, ճառագայթագիտութեան, բժշկագիտութեան ու ամբողջ մարդկութեան համար: Ան շատ փորձութիւններ ունեցած է, շատ դժուարութիւններ յաղթահարած է պատուով, սակայն իր սիրելի կնոջ կորուստին երկար չկրցաւ դիմանալ: Երբ զինք կը տանէի օդակայան, ըսաւ. «Բան մը խնդրեմ, կը կատարե՞ս»: Ըսի. «Անշուշտ, ինչ՞ պէտք է ընել»։ Ըսաւ. «Ինծի կը նկարե՞ս Արարատիս հետ»: Գացի, Յաղթանակի զբօսայգի բարձրացող ճանապարհին կեցայ, նկարեցի, բայց Արարատը ամպամած էր։ Ըսաւ. «Ասիկա իմ վերջին նկարս է Արարատիս հետ»: Ըսի. «Ոչ, տոքթոր Տամատեան, այսօր ամպամած է, ստիպուած դարձեալ պէտք է վերադառնաք Հայաստան, որպէսզի աւելի յստակ նկար մը ստանանք»: Ըսաւ. «Ոչ, ասիկա իմ վերջին նկարս է Արարատիս հետ…»: Աստուած հոգիդ լոյսերու մէջ պահէ, տոքթոր Տամատեան, համոզուած եղիր, այն ինչ որ խոստացած եմ մեր վերջին զրոյցին ժամանակ, հաստատ պիտի իրականացնեմ»:

«Ժամանակ» (յապաւումով)

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.