Ովսաննա Գալուստեան, 1914-էն առաջ «Էրգիրը» ծնած վերջին մոհիկաններէն՝ կը մահանայ Ֆրանսայի մէջ

\n

\n

Տիկին Ովսաննա Գալուստեան, ծնեալ Սրապեան, այս աշխարհին հրաժեշտ տուաւ 107 տարիներու պատկառելի բեռը ուսերուն։ Ծնած էր Ատափազար 28 Նոյեմբեր 1907-ին, Սիրական եւ Զարուհի Սրապեաններու տոհմիկ երդիքին տակ։ Հազիւ 7 տարեկան երեխայ էր երբ Օսմանեան կայսրութեան ողջ հայութեան վիճակած տեղահանութեան ու աքսորին դառնութիւնները ճաշակած էր։ Ցեղասպան մանգաղէն հրաշքով վերապրած ընտանիքը 1919-ի սկիզբը Ատափազար (Նիկոմիդիոյ համբաւաւոր առաջնորդ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանի կողմէ Աստուածարեալ քաղաք կոչուած՝ «Ատացիին» բացառիկ եկեղեցասիրութեան պատճառով) վերադարձեր էր, ուր նախապատերազմեան 18.000 հայութենէն հազիւ 3000 հոգի կենդանի էր մնացած եւ կը ջանար մեծ դժուրութեամբ վերստին հաւաքական կեանք ստեղծել։ Սակայն երկու տարի ետք այդ մնացորդն ալ խոյս տալով Քեմալականներէն, շունչը կ՚առնէր նախ Պոլիս, անկէ ալ ցրուելու աշխարհով մէկ։ 

Սրապեան ընտանիքն ալ 1926-ին կայք կը հաստատէր Մարսիլիոյ մէջ ուր պարմանուհի Ովսաննա կանուխէն իր մասնակցութիւնը կը բերէր նորաստեղծ գաղութի հաւաքական կեանքին։ Ան կ՚անդամակցէր Սրբոց Թարգմանչած Մայր Եկեղեցւոյ կառուցուած օրերուն հիմնուած դպրաց-դաս երգչախումբին (Պալաքեան Սրբազանով 1932-ին քաշուած պատմական լուսանկար մը կը յուշէ այդ երգչախումբը ուր Ատափազարցիները մեծամասնութիւն էին)։ Յետոյ ամուսնանալով Զարեհ Գալուստեանի հետ, մայր կը դառնար երեք զաւակներու։

Ան մինչեւ 100 տարեկան, ամէն Ապրիլ 24-ին տողանցող ցուցարարներու առաջին շարքին էր ցոյց չտալով որեւէ յոգնութեան նշան. ինք էր որ իր ձեռքով Ապրիլ 23-ին «Ազգային յուշարձանին» բոցը կը վառէր։ Քանի մը տարի առաջ հարիւրամեայ, մինչեւ Փարիզ եկած էր Champs Elyse՛es-ի վրայ ալ տողանցելու։ Ովսաննա մայրիկը Ատափազարցիի յատուկ ջերմեռանդութեամբ գրեթէ ամէն Կիրակի ներկայ էր եկեղեցին պատարագին։ 

Իր մահով 1914-էն առաջ, «Էրգիրը» ծնած վերջին մոհիկանն էր որ կ՚անհետանայ Ֆրանսահայ գաղութին մէջ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.