Գերմանիոյ Բոլոր Եկեղեցիները Միաժամանակ Պիտի Ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը


 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին ընթացքին վաւերացուած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, որուն մէջ կը նշուի, թէ հակառակ անոր, որ հարիւրամեակ մը անցած է, կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան վրայ:
«2015ին մենք պիտի ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը: 1915-1922 թուականներուն, մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպաննուեցան, իսկ հազարներ ալ տեղահանուեցան իրենց տուներէն (ներկայիս Թուրքիա) եւ աքսորուեան: Այսօր աշխարհի տարածքին սփռուած աւելի քան վեց միլիոննոց հայկական Սփիւռքը այդ Ցեղասպանութեան տեսանելի հետեւանքն է:
Անցած է մէկ հարիւրամեակ, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան վրայ: Եթէ այսօր գրեթէ վերապրողներ չկան, ցաւի եւ անարդարութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ այժմէական հարց:
Կը յարգենք յիշատակը հայ, ինչպէս նաեւ շուրջ 600,000 արամեացի, ասորի եւ յոյն քրիստոնեաներուն, ներառեալ կաթոլիկներու եւ բողոքականներու, որոնք սպաննուեցան իրենց հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միասին: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ջանքերը՝ «հայ եկեղեցիներուն հնարաւորութիւն ընձեռելու իրենց ձայնը բարձրացնելու եւ պայքարելու 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչման համար», միշտ գնահատուած է հայ եկեղեցիին կողմէ։
Գերմանիոյ Հայց. առաքելական եկեղեցին Միջեկեղեցական խորհուրդի անդամ եկեղեցի է։ Անոր հետ համերաշխ, 2015ին մենք պիտի ոգեկոչենք Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը: 2005ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը մատնանշած է Գերմանիոյ պատմական ու բարոյական պատասխանատուութիւնը այս հարցին մէջ: Իբրեւ Գերմանիոյ մէջ գործող եկեղեցիներ, մենք միասնաբար կը կրենք այս պատասխանատուութիւնը եւ անհրաժեշտ կը համարենք զայն ամէն առիթով յիշեցնել», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Հոկտեմբեր 1-2ին կայացած Միջեկեղեցական խորհուրդի ժողովը իր անդամ եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն կոչ ըրած է աղօթքով եւ յիշատակի միջոցառումներով ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Ժողովը նաեւ անդրադարձած է Միջեկեղեցական խորհուրդի նախագահութեան 2012ի առաջարկին՝ Հայ առաքելական, Ասորի ուղղափառ եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ միասնական միջոցառումներ կազմակերպելու կապակցութեամբ: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթքի հրաւէրը լսելի պիտի դարձուի զանգերու ղօղանջներով, որոնց իբրեւ միասնական ժամ առաջարկուած է 2015ի Ապրիլ 24ի ժամը 17ը։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.