Մարդկային Իրաւանց Դէտը Քաղաքական Բանտարկեալ Կը Նկատէ Սեւան Նշանեանը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց իրավիճակին մասին իր հրապարակած նորագոյն տեղեկագիրին մէջ, Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) կազմակերպութիւնը անդրադարձած է նաեւ հայազգի լեզուաբան Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան պարագային՝ հասնելով այն եզրակացութեան, որ ան քաղաքական բանտարկեալ մըն է։
Սեւան Նշանեանի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններէն մէկը այն է, որ ան «ծաղրած է ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական զգացումները»։ Մարդկային իրաւանց դէտը նշած է, որ այս ամբաստանութիւնը շատ նման է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ թիւ 301 յօդուածով կատարուած բազմաթիւ ամբաստանութիւններուն, որոնք խոտոր կը համեմատին արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.