Հայ Մտաւորականներու Միջեւ Տարակարծութիւն Էրտողանի Զօրակցելու Հարցին Շուրջ


Ռոպեր Քոփթաշ, Մարգար Եսայեան

Թրքական «Զաման»թերթը կը հաղորդէ, որ երկու հայ յօդուածագիրներու՝ իշխանամէտ Մարգար Եսայեանի եւ իշխող կուսակցութեան հանդէպ քննադատական կեցուածք ունեցող Ռոպեր Քոփթաշի միջեւ նոր բանավէճը եկած է ընդգծելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հարցով Թուրքիոյ հայ մտաւորականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտումը։

«Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Քոփթաշ գրած է սուր քննադատական յօդուած մը իշխամամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի յօդուածագիր Եսայեանի դէմ եւ զինք «պնակալեզ» կոչած է։ Ան անուղղակի կերպով նշած է, որ Եսայեանի կառավարութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը կը նշանակէ, որ ան «պնակալեզ» մըն է։ Այս խիստ յօդուածը պատասխան մըն էր Եսայանի «Ակօս»-ի ուղղուած լուսանցքային թերթ մը ըլլալէ դադրելու եւ Թուրքիոյ լրատուական նոր համակարգին մաս կազմելու կոչին։

Եսայեան իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ «Ակօս»-ը Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ լուսանցքային հատուած մը կը ներկայացնէ եւ նման է ձախակողմեան «Պիւկիւն» օրաթերթին։ Ան պնդած էր, որ իր դատողութեամբ Թուրքիոյ հայերուն 50 առ հարիւրը կը զօրակցի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան։ Եսայեան «Ակօս»-ի կոչ ուղղած էր՝ հրաժարելու «վիպապաշտ ձախակողմեանականութենէն»՝ նշելով, որ անցեալին ձախակողմեան հայեր դաշնակցած էին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի հետ, որ կազմակերպած է, ինչպէս «Զաման» կը նշէ, «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բռնագաղթը»։
«Ակօս»-ի անձնակազմին իր լրագրական ասպարէզը հայկական շաբաթաթերթին մէջ սկսած Եսայեանի նկատմամբ տրամադրութիւնները բացայայտելով՝ Քոփթաշ ըսաւ, որ անոր ամբարտաւանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ «Ակօս»-էն հեռանալը շաբաթաթերթի անձնակազմին ուրախութիւն պատճառէ։ Աւելին, Քոփթաշ յայտնեց, որ Եսայեան մեծ ջանք թափած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան ընտրուելու համար։ Ըստ Քոփթաշի, հակառակ Եսայեանի նման իշխանութեանց զօրակցող մեծաթիւ անհատներու գոյութեան, վերջինիս իւրայատկութիւնը այն է, որ հայ է, ուստի կառավարութեան սպասումն է, որ Եսայեան պարբերաբար վիճի «վատ հայերու» հետ։

Օգոստոսին, նոյնպիսի բանավէճ մը տեղի ունեցած էր «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Հայկօ Պաղտատի եւ իշխանամէտ «Աքշամ» օրաթերթի յօդուածագիր Էթիէն Մահչուփեանի միջեւ։ Օրին, Մահչուփեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ հայ մտաւորականներու մեծամասնութիւնը «հտպիտներ» կոչեց։ Հայկօ Պաղտատ իր պատասխան գրութեան մէջ նշեց, որ Մահչուփեան Էրտողանի եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութիւնները արդարացնելով՝ վերածուած է «արքունիքի ծաղրածուի»։ «Առնուազն հտպիտները մանուկները կը խնդացնեն, սակայն արքունիքի ծաղրածուներու պարտականութիւնը մանուկները սպաննելու հրամանը տուողները զուարճացնելն է», գրեց Պաղտատ՝ ակնարկելով Էրտողանի այն խօսքին, թէ Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերու ընթացքին ինք ոստիկանութեան հրամայած է կրակ բանալ, բան մը, որ շարք մը պատանիներու կեանքը խլած էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.