Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՈՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԷՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԱՐԽԻՒԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՆԿԱՐՆԵՐ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Թռչնոց Բոյնի նախկին որբ Վարդան Մելքոնեանի, որ եկած էր Լոնտոնէն՝ Վեհափառ Հայրապետին յանձնելու Դանիայէն և այլ երկիրներէ իր ձեռք ձգած որբերու նկարները, առնչուած յատկապէս Թռչնոց Բոյնի ներքին կեանքին։

Յայտնենք, որ Վարդան Մելքոնեան երկար տարիներէ ի վեր Լոնտոնի արքայական սիմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարն է և յաճախակի առիթներով կանդրադառնայ իր կեանքին՝ որպէս Թռչնոց Բոյնի նախկին որբերէն մէկը, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։

100-ամեակի առիթով ան որոշած է իր դուստրին հետ նախաձեռնել քայլարշաւի մը, սկսելով Կիլիկիայէն, այս ձեւով յիշելու համար իր ծնողները, որոնք զոհ գացած են Հայոց Ցեղասպանութեան և յիշեցնելու իր շրջապատին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը։

 Այս առիթով, ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց բարեմաղթութիւնները Անգլիոյ Ուիլիըմ Իշխանին, որուն անձնապէս ծանօթ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.