ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ


30 Սեպտեմբեր 2014-ին, Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատահայ քաղաքական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Օթթաուայի մէջ ունեցան քաղաքական հանդիպումներ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ Հարոլտ Ալպրեխթի եւ պաշտօնական ընդդիմութեան Արտաքին Յարաբերութեանց պատասխանատու` խորհրդարանական Փօլ Տիուըրի (NDP) հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան սուրիական տագնապին հետ առնչուող եւ յատկապէս Հայ ժողովուրդը յուզող վերջին իրադարձութիւնները: Քննարկուեցաւ 100-ամեակի Գանատայի կեդրոնական մարմնի քաղաքական բանաձեւի իրագործման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ, Նոյեմբեր ամսուն տեղի ունենալիք ձեռնարկի մը մասին, ուր Գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ առիթը պիտի ունենան հանդիպելու եւ զրուցելու Գանատայի խորհրդարանի անդամներու հետ: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.