Հայկական Կողմը Ատրպէյճանին Յանձնած Է Սպաննուած Հետախոյզին Դիակը


Հասան Հասանով

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայկական կողմը 2 Հոկտեմբերին Ատրպէյճանին յանձնած է այս տարուան Յուլիսին Քարվաճառի տարածքին մէջ սպանուած հետախոյզ Հասան Հասանովի դիակը:
«ԱՓԱ» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնաժողովի կայքը, կը հաղորդէ, որ գործընթացը իրականացուած է յիշեալ յանձնաժողովին եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ՝ նշելով, որ միջադէպեր չեն արձանագրուած:
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով յանձնաժողովը, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ հետախոյզին դիակը Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի միջնորդութեամբ ատրպէյճանական կողմին յանձնուած է շուրջ ժամը 11:30ին՝ Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Բաշ Քարվենդ գիւղի մօտակայքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.