Փութին Մտադիր Չէ Միջամտել Լեւոն Հայրապետեանի Հարցին


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Հոկտեմբեր 2ին կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ մտադիր չէ միջամտել «Պաշնեւթի» շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Յիշեցնենք, որ այս գծով ամբաստանութիւններ կատարուած են հայ գործարար, բարեգործ Լեւոն Հայրապետեանի հասցէին:
«Յոյս ունիմ, որ բոլոր լուծումները կը գտնուին ոչ թէ քրէական, այլ քաղաքացիա-իրաւական հարթութեան վրայ, սակայն չեմ պատրաստուիր միջամտելու կամ հրահանգներ տալու: Կը կրկնեմ, այս չի նշանակեր, որ պետութիւնը մտադիր է ամբողջութեամբ վերանայիլ սեփականացման արդիւնքները», ըսած է Փութին՝ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.