Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կը Քննարկէ Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ուժ Օգտագործել Արտօնող Բանաձեւը


Թուրքիոյ կառավարութիւնը երէկ խորհրդարանին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ բանակին կ՛արտօնէ Սուրիոյ մէջ ուժ օգտագործել եւ մաս կազմել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ երեսփոխանները կրնան «առաջարկներուն» ծանօթանալ եւ զանոնք քննարկել հինգշաբթի օր նախատեսուած հրապարակային նիստին ընթացքին:

Բանաձեւը թրքական բանակին կ՛արտօնէ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարել եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ միջամտել:

Թրքական բանակը արդէն 15 հրասայլեր տեղակայած է սուրիական սահմանին մօտ եւ Այն Արապի (Քոպանի) հիւսիս-արեւմուտքը եղող զօրակայանի մը մէջ գտնուող հրետանիի փողերը ուղղած դէպի սուրիական հողամասեր:

Թրքական պատասխանատու աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ թրքական հրասայլերը որեւէ պահու կրնան մուտք գործել սուրիական հողամասեր` պաշտպանելու համար թուրք քաղաքացիները, եթէ թրքական հողերուն վրայ հրթիռներ շարունակեն իյնալ:

Մինչ այդ, Քոպանիի մէջ ինքնավար վարչութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատուի տեղակալ Իտրիս Նահսան օրաթերթին յայտնեց, որ եթէ ՏԱՀԵՇ յաջողի Քոպանի մուտք գործել, ապա քաղաքին մէջ ջարդ տեղի պիտի ունենայ:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները ապահովական պատճառներով գաղթականներուն դիմաց փակած են Քոպանիի մօտ գտնուող սահմանը: Աւելի ուշ «Մայատին» հաղորդեց, որ Քոպանիի մօտ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է:

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թրքական զինուորական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է` արգելք հանդիսանալու համար, որ հարիւրաւոր քիւրտեր իրենց ազգակիցներուն օգնութեան հասնելու համար մուտք գործեն Սուրիա:

Միւս կողմէ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ուաշինկթընեան ոչ կառավարական Ռազմավարական եւ պիւտճէական գնահատումներու կեդրոնի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական արշաւին շուրջ զեկուցումին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները տարեկան 4,2-6,8 միլիառ տոլարի կամ 13-22 միլիառ տոլարի ծախս պիտի պահանջեն: Հեղինակները առաջին պարագային նկատի ունեցած են հինգ հազար ամերիկացի զինուորներու օգտագործման դիպաշարը, իսկ երկրորդին պարագային` 25 հազար զինուորներու


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.