«Իսլամական Պետութեան» զինեալներ պաշարած են թուրք զինուորներու դիրքը


Ըստ Ենի Շաֆաք թերթի մէկ հրատարակութեան, երկու օրէ ի վեր «ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»ը (ISIS – Տաէշ) շարժման անցած է Սիւլէյման Շահի դամբարանը պաշտպանող զինուորներուն դէմ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, «ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» մօտաւորապէս 1000 զինեալներ տեղաւորած է 35 Թուրք զինուորներու կողմէ պաշտպանուող դամբարանին շուրջ։

Սիւլէյման Շահ դամբարանը այն միակ հողամասն է որ Թուրքիա ունի իր սահմաններէն դուրս։ Այս դամբարանը, որ Սուրիոյ մէջ կը գտնուի, Հալէպի մօտ, Թուրքիոյ հողամասն է եւ կը պաշտպանուի Թուրք զինուորներու կողմէ։ Դամբարանին մէջ թաղուած է Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսմանի մեծ հայր Սիւլէյման Շահը։

Կը պնդուի որ «ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»ը այս քայլին դիմած է այն պահէն ետք, երբ Նախագահ Էրտողան յայտարարեց որ օդային ռմբակոծումները անբաւարար են, պէտք է նաեւ ցամաքային գործողութիւն կատարել «ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» դէմ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.