Եգիպտոս «Ահաբեկիչներու Օգնական» Կը Նկատէ Էրտողանը


ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Հակադարձելով ՄԱԿի բեմէն Եգիպտոսի իշխանութեանց դէմ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քննադատական խօսքերուն՝ Եգիպտոսի իշխանութիւններուն եւ նախագահ Ապտել Ֆաթահ Սիսիի հասցէին, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 25ին յայտարարեց, թէ Էրտողանի ելոյթը կը պարունակէ «սուտ եւ զրպարտանք»՝ աւելցնելով, որ Էրտողան Միջին Արեւելքի մէջ հարցեր կը հրահրէ՝ «ահաբեկիչներու օգնական» հանդիսանալով։
Բանավէճին պատճառով նաեւ ջնջուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը, որ Նիւ Եորքի մէջ պիտի կայանար։
Աւելցնենք, որ Սեպտեմբեր 25ի երեկոյեան, Էրտողան նաեւ մերժած է սեղանակից ըլլալ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հրաւիրած հրաժեշտի ընթրիքին ընթացքին։ Ան հեռացած է առանց մասնակցելու ընթրիքին։
Նաեւ, կը հաղորդուի, որ Էրտողանի թիկնապահները փորձած են նախագահի ինքնաշարժին ճամբան փակող ցոյց մը ցրել Նիւ Եորքի մէջ, սակայն քաղաքի ոստիկանութիւնը միջամտած է եւ Էրտողան պարտաւորուած՝ պանդոկ վերադարձած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.