Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղականներու Դիրքերը Կը Շարունակեն Ռմբակոծուիլ, Սակայն Քոպանին Վտանգուած Է


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերուն ռմբակոծումները կը շարունակուին, եւ հարուածներուն թիրախները եղած են Ռաքքա նահանգին եւ Իրաքի հետ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական գիւղերու մէջ դիրքեր:
Սակայն, քրտական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ծայրայեղականները կը շարունակեն յառաջանալ Քոպանի քաղաքին ուղղութեամբ՝ աւելցնելով, որ քաղաքը լուրջ վտանգ կը դիմագրաւէ։
Սուրիացի քիւրտեր Տիգրանակերտէն եւ Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններէն օժանդակութիւն ստանալէ ետք կրցած էին դանդաղեցնել դէպի Քոպանի ծայրայեղականներու յառաջխաղացքը: Քիւրտ զինեալները Աֆրինէն եւ Ճազիրա շրջանէն յարձակումներ շղթայազերծած էին ու շարք մը գիւղեր ազատագրած:
«Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ միջազգային դաշինքին պատկանող ռազմական օդանաւեր հարուածած են նաեւ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող ծայրայեղականներու կեդրոններ։
Օդային հարուածները ներառած են «Քայիտա»ի առնչակից «Խորասան» խմբաւորումը, որ ամերիկեան եւ եւրոպական շահերուն դէմ յարձակումներ կը պատրաստէր:
Սուրիական օդուժը եւս հարուածած է Թուրքիոյ սահմանակից Ռաս ուլ Այն շրջանի Ալիա գիւղին մէջ գտնուող ծայրայեղականներու հրամանատարական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ Հասաքէի արեւմուտքը գտնուող գիւղերուն մէջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող խմբաւորման պատկանող կեդրոններ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն Դամասկոսը տեղեակ պահած է յարձակումէն։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ՄԱԿին առջեւ յայտարարեց, որ աշխարհը պէտք է համագործակցի՝ վերջ տալու համար ծայրայեղականութեան «քաղցկեղ»ին ու շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դաշինքը կը հաստատէ, որ ճակատամարտը Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութիւնը մերժող բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն ճակատամարտն է»:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց, որ Սուրիա կ՛աջակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ծառայող որեւէ ջանքի, սակայն շեշտեց, որ անոնց յաջողութիւնը միայն զինուորական քայլերէ կախեալ չէ:
Նաեւ, Թուրքիոյ վարչապետարանէն աղբիւրներ հերքեցին այն լուրերը, թէ ծայրայեղականներուն դէմ վերջին հարուածներուն ընթացքին Թուրքիոյ օդային տարածքը օգտագործուած է, մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Եաշար Եաքըշ յայտնեց. «Արեւմտեան երկիրներուն չենք վստահիր եւ պէտք է միջազգային դաշինքին վերջնական նպատակը գիտնանք»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի ծայրայեղականներուն դէմ գործողութեանց, սակայն առանց մանրամասնելու: Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ ըսաւ. «Անշուշտ զօրավիգ կը կանգնինք այս գործողութիւններուն։ Ես դրական կը նկատեմ գործողութիւնը. կրնանք քաղաքական ու զինուորական զօրակցութիւն բերել այս գործողութեան», դարձեալ՝ առանց մանրամասնելու:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական հողերուն վրայ օդային հարուածները պէտք չէ տեղի ունենան առանց սուրիական կառավարութեան հաւանութեան:
Վերջապէս, լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդգծեց, որ «Հըզպալլա» կը մերժէ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարելու նպատակով ստեղծուած միջազգային դաշինքը, որովհետեւ «Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան աղբիւր է ու շրջանին մէջ ահաբեկիչ Իսրայէլի բացարձակ զօրակիցն է, «Իսլամական պետութիւն»ը ստեղծողը կը նկատուի եւ հետեւաբար՝ բարոյական ո՛չ մէկ իրաւունք ունին նման դաշինք մը ղեկավարելու»:
«Չենք ուզեր նաեւ, որ Լիբանան այս դաշինքին մաս կազմէ, որովհետեւ անիկա վտանգի կ՛ենթարկէ Լիբանանը։ Լիբանան պէտք չունի նման դաշինքի մաս կազմելու եւ կարողութիւնն ունի ահաբեկչութեան եւ անոր սպառնացած վտանգներուն դէմ պայքարելու», ըսաւ Նասրալլա:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.