Օպամա Քննադատած Է «Ատրպէյճանի Նման Տեղեր»ը


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ելոյթ ունեցած է «Քլինթընի համաշխարհային նախաձեռնութիւն»ին («Clinton Global Initiative») կազմակերպած միջոցառման մը ընթացքին՝ քննադատելով «Ատրպէյճանի նման տեղեր»ը։
Նշեալ նախաձեռնութեան նպատակն է համագործակցութիւնը սերտացնել աշխարհի ղեկավարներուն միջեւ, հրատապ մարտահրաւէրներուն նորարարական լուծումներ գտնելու համար:
Օպամա, խօսելով տարբեր երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու վատ վիճակներուն մասին՝ մատնանշած է Ռուսիան, Չինաստանը, Վենեզուելլան, Եգիպտոսը, Հունգարիան եւ Ատրպէյճանը:
Վերջինիս առնչութեամբ, Օպամա ըսած է. «Ատրպէյճանի պէս տեղերու մէջ, օրէնքը անտրամաբանականօրէն բարդ կը դարձնէ նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքը»: Ան աւելցուցած է, որ քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ուժը զգալով՝ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով իշխանութիւններ քայլերու կը դիմեն այլախոհ քաղաքացիները լռեցնելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.