Դաշնակցութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ստեփանակերտի Մէջ Երթեւեկի Սակի Բարձրացման Գծով


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր Մեդիա».– Ստեփանակերտի ներքաղաքային փոխադրութեան ուղեվարձը պիտի բարձրանայ 1 Հոկտեմբերին: Մինչեւ օրս գործող 70 դրամ սակը վերանայուած է եւ սահմանուած է նոր գին՝ 100 դրամ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է եւ նշած, որ՝ կանխատեսելով ակնկալուող թանկացումները, խմբակցութեան պատգամաւորները առաջարկած են համապատասխան քայլերու ձեռնարկել՝ վառելանիւթերը աժանցնելու ուղղութեամբ: Ստեփանակերտի երթուղիները սպասարկող մրցումին մասնակցած են երկու ընկերութիւններ: Անոնց ճշդած 70 դրամին մէջ ներառուած է ե՛ւ շահոյթը, ե՛ւ իրենց վարկերու սպասարկումը, նաեւ՝ աշխատավարձի ֆոնտերն ու սարքերու պահպանման ծախսերը: Աւելի՛ն, սպասարկող ընկերութիւննները պարտաւոր էին ինքնարժէքին մէջ հաշուի առնել ապագային ակնկալուող վտանգները: Պատգամաւորները Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին առաջարկած են դիմել կառավարութեան, որպէսզի վառելանիւթի գինը նուազեցնէ: Ստեփանակերտը իր բնակչութեան թիւով եւ տարածքով Երեւանի մէկ վարչական շրջանի չափ է:
«Տրամաբանական չէ, որ Երեւանում եւ Ստեփանակերտում ուղեվարձը նոյնը լինի», նշած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւորները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.