ARI-ն Արդիւնաբերական Ծրագիրներ Կ՛իրականացնէ Ազատագրուած Տարածքներուն Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնող ARI (Artsakh Roots Investment) ընկերութեան անդամները ազատագրուած Քաշաթաղի շրջան իրենց եօթնօրեայ այցը ամփոփեցին եւ խօսեցան հետագայի ընելիքներուն մասին: Անոնք անցած 4 տարիներուն ընթացքին, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի մէջ իրականացուցած են գիւղատնտեսական շարք մը ծրագիրներ, տրամադրած են աւելի քան 200 միլիոն տոլարի վարկ եւ կայուն եկամուտի աղբիւր ստեղծած են աւելի քան 1000 ընտանիքի համար:
90ական թուականներուն, Լեռնային Ղարաբաղին առաջին օգնութիւն եւ սննդամթերք հասցնելու նպատակով Լիբանանի մէջ հիմնուած «Արցախ Ֆոնտ»ի անդամերը այսօր կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը արդէն իսկ ազատագրուած հողերուն մէջ:
Այսօր, Ֆոնտին կողքին գործող ARI ընկերութիւնը եւս ստանձնած է մէկ այլ պատասխանատուութիւն՝ այս տարածքներու վերաբնակներուն համար բնակարաններ կառուցել: ARI-ն տարբեր երկիրներ ապրող հայ գործարարներ համախմբած է մէկ գաղափարի շուրջ, թէ՝ համայն հայութեան ջանքերով միայն կը հզօրանայ Արցախը:
Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մասիս Ալեքսանտրեան ու խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչակչեան կը նշեն, որ ARI յաջողեցաւ անկարելին կարելի դարձնել: Քանի մը տարի առաջ, ԼՂՀի մէջ ներդրումներ կատարելու պատրաստակամութեամբ Արցախի ճամբան բռնած քանի մը գործարարներու թիւը այսօր արդէն հասած է 70ի: Աւելի՛ն, գործարարներուն խոստացած է աջակցիլ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Յառաջիկային, ընկերութիւնը կը պատրաստուի ազատագրուած տարածքներուն մէջ արդիւնաբերական ծրագիրներ եւս իրականացնելու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.