«Եթէ Թուրքիան Կանգնած Չէ Այս Ահաբեկչութեան Թիկունքին, Ապա Պէտք Է Հանդէս Գայ Դատապարտող Յայտարարութեամբ». Վիգէն Սարգսեան


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած է «Իսլամական պետութեան» կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարման՝ հաստատելով, որ եթէ Թուրքիան չէ կանգնած այս արարքի ետին, ուրեմն պէտք է դատապարտէ կատարուածը։
«Այսօր՝ Սեպտեմբերի 21ին, ժամը 11։30ին, Դեր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որտեղ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի մասունքները, պայթեցուել է «Իսլամական պետութեան» գրոհայինների կողմից: Սա եւս մէկ վկայութիւնն է այն պարզ ճշմարտութեան, որ մինչեւ ցեղասպանութիւնը լիարժէքօրէն դատապարտուած, ճանաչուած եւ պատժուած չէ, այն շարունակւում է: Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը պատմութեան հարց չէ, այլ՝ քաղաքականութեան: Եթէ քաղաքականութիւնը չի հենւում սկզբունքների վրայ, այն միշտ տանուլ է տալու այժմէական շահերին: Սկզբունքներն ու բարոյականութիւնը վեր են ամէն ինչից: Եթէ Թուրքիան կանգնած չէ հայերի համար այս բացառիկ նշանակութիւն ունեցող եկեղեցու պայթեցման ահաբեկչութեան թիկունքին, ապա այն անմիջապէս պէտք է հանդէս գայ դատապարտող յայտարարութեամբ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.