ԴԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐԸ

Դերսիմի քիզիլպաշ ցեղախումբերու առաջնորդ՝ Սէյիտ Ռիզան

ԴԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐԸ

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Վերջին տարիներուն հայկական եւ թրքական մամուլին մէջ յաճախակի կը գրուի թաքնուած, կրօնափոխ դարձած եւ այլադաւան հայերու մասին։ Այս ծիրէն ներս 2007-ի Օգոստոս 18-ին Թրքական պատմութեան ընկերութեան նախագահ, պատմաբան ԵուսուՖ Հալաճօղլու կատարեց զգայացունց յայտարարութիւն մը, ուր ան համոզում կը յայտնէր, թէ ալեւի քիւրտերու մեծամասնութիւնը, մանաւանդ Տերսիմի ալեւի ազգաբնակչութեան մէկ ստուար զանգուածը, կրօնափոխ դարձած հայեր են։ Ան թրքական մամուլին յայտնեց նաեւ, թէ իր մօտ ունի 1936-37 թուականներուն թրքական կառավարութեան կողմէ գրանցուած կրօնափոխ հայերու ցանկը։

Թրքական մամուլին մէջ մինչեւ օրս արծարծուող այս հարցը իրողութեան մէջ իր ետին ունի պատմական հետաքրքրական հոլովոյթ մը։ Բայց փորձենք նախ բացատրել, թէ ովքե՞ր են տերսիմցիք, եւ ի՞նչ կայ թաքնըւած Տերսիմի ընդհանրական պատմութեան ետին։

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայոց պատմական Ծոփք նահանգի մաս կազմող Դերսիմը իրողութեան մէջ արեւմտահայերէնով կը գրուի Տերսիմ։ Շրջանը կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւմուտք, հիւսիսէն՝ Երզնկա, հարաւէն՝ Խարբերդ, արեւելքէն՝ Պինկէօլ-Մուշ եւ արեւմուտքէն՝ Սեբաստիա։ Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2000 մեթր բարձրութեան վրայ։ Երեք կողմէն շրջապատուած է Եփրատ գետով եւ անոր հարկատուներով։ Գլխաւոր գետերէն է Մնձուրը։ Շրջանը լեռնային է եւ անտառապատ։

Ամենէն մօտ հայկական գաւառը Չարսանճագի գաւառն է, որուն գլխաւոր բնակավայրերէն են Բալուն, Բերրին, Մեծկերտը, Խոզաթը, Քղին եւ այլն։ Շրջանը քեմալական իշխանութեան օրով վերանուանուած է Թունչելի։

Պատմական Տերսիմը բաժնուած էր երկու տարածքային մասերու՝ Դաշտային եւ Լեռնային։ Դաշտային Տերսիմը կ՚ընդգրկէր հայ, քիւրտ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւն ունեցող Դերջանի ու Չարսանճագի գաւառները, իսկ Լեռնային Տերսիմը կ՚ընգրկէր Խութաց ձորն ու Տուժիկ Պապա լեռը (Ըստ Խորենացիի՝ Առիւծ լեռ)։

Պատմութեան տարբեր ժամանակներուն դաշտային Տերսիմը յաճախ ենթակայ եղած է Օսմանեան իշխանութեանց, մինչ լեռնային Տերսիմը պահած է իր կիսանկախ գոյութիւնը։

ԼԵԶՈՒ

Տերսիմցիները կը խօսին զազա լեզուն, որ կը գործածուի նաեւ Տերսիմի շրջակայ սիւննի իսլամ քիւրտերու կողմէ: Այս պատճառով ստեղծուած է այն շփոթ կացութիւնը, որ զազա լեզուն խօսող հաւաքականութիւնը մէկ ժողովուրդ է:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ԿՐՕՆՔ

Քիւրտերու տարածած այն տեսակէտը, որ տերսիմցիները քրտական մէկ այլ ցեղախումբ են, բացարձակապէս կը մերժուի տերսիմցիներու կողմէ։ Տերսիմի բնիկ ժողովուրդը քիզիլպաշ ալեւի է։ Քիւրտերը սիւննի իսլամ են։

Սիւննի իսլամութեան հակադրուող Շիա իսլամութեան աղանդաւորական մէկ ճիւղը համարուող ալեւիական կրօնքը երկու միլիոն հետեւորդներ ունի Սուրիոյ մէջ եւ 15 միլիոն՝ Թուրքիոյ մէջ։ Սակայն Տերսիմի քիզիլպաշ ալեւիներու կրօնքը հիմնականօրէն կը տարբերի դասական ալեւիական կրօնքէն, որովհետեւ իր մէջ կը պարփակէ քրիստոնէական, Մովսիսական, հեթանոսական (կրակապաշտութիւն եւ արեւապաշտութիւն) եւ հայ-քրիստոնէական հաւատալիքներ ու ծէսեր։ Այս մասին կը վկայեն հայկական աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Խարբերդի շրջանին մէջ գործող ամերիկացի եւ եւրոպացի աւետարանական միսիոնարներ, քարոզիչներ։

Քիզիլպաշ տերսիմցիները իրենց գլխաւոր սուրբ Ալիի կողքին Յիսուսը կ՚ընդունին որպէս Աստուծոյ որդի եւ մարգարէ-առաքեալ։ Սուրբեր կը նկատուին նաեւ Ս. Սարգիսն ու Ս. Գէորգը։ Հայկական աւանդութեամբ կը խաչակնքեն հացը։ Իրենց մօտ պաշտամունքի առարկայ է նաեւ Մովսէս Մարգարէի՝ Կարմիր ծովը բաժնող աստուածաշնչային գաւազանը։

Քուրանը կ՚ընդունին որպէս սուրբ գիրք, սակայն չեն հետեւիր անոր օրէնքներուն։ Չեն յարգեր ռամատանը։ Խորապէս կը հաւատան նաեւ վերամարմնաւորման (reincarnation) գաղափարին։

Այստեղ հետաքրքրական է անդրադառնալ The Missionary Review of the World պարբերականի 1911-ի թիւին մէջ լոյս տեսած ամերիկացի աւետարանական քարոզիչ Հենրի Ռիկզի «Տերսիմի քիւրտերու կրօնքը» խորագրով ճանապարհորդագրութեան մէջ յիշուած կարգ մը մանրամասնութիւններու մասին։ Մօտէն ծանօթանալով տերսիմցի հոգեւորականներու հետ եւ երկարատեւ զրոյցներ ունենալէ ետք անոնց հետ՝ Ռիկզ կը հաստատէ, թէ իսլամ նկատուած այդ ազգային փոքրամասնութիւնը իր հոգեւոր հաւատալիքներով ու կրօնական գաղափարախօսութեամբ աւելի մօտ է քրիստոնէութեան, քան իսլամութեան եւ աւելին՝ կրօնական իր աւանդութիւններով սերտօրէն կ՚առնչուի հայութեան հետ։

Տերսիմցիները մասնայատուկ աղօթատեղի չունէին։ Տարեկան իրենց ուխտագնացութիւններուն համար անոնք ուխտավայր իբր կ՚օգտագործէին հայկական եկեղեցիները՝ գլխաւոր ուխտատեղի ունենալով Հալւորի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին (չշփոթել Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին հետ)։

Տերսիմցիները Սուրբ գիրք չունին։ Անոնք իրենց կրօնական աղօթքները յաջորդող սերունդներուն կը փոխանցեն բերանացի։ Հոգեւոր իրենց երգերէն մէկը կ՚անդրադառնայ հայ քահանայի մը մասին, որ քիզիլպաշ սուրբերէն Հիւսէյնին ապաստան տալուն համար Հիւսէյնի թշնամիներու վրէժխնդրութեան զոհ կու տայ իր 7 զաւակները.

Մտիկ ըրէք, Աստուծոյ մէկ գործը պատմեմ,

Հայ քահանան իր եօթը որդիքը

Նահատակել տուաւ։

Ողբալով օրհնենք յիշատակը անոնց։

Սէյիտ Հիւսէյն՝ քեաՖիրներէն հալածեալ,

Հայ քահանային ապաստանեցաւ։

Քահանան իր եօթը որդիքը զոհեց,

Սէյիտ Հիւսէյնին ազատեց։

Աստուած օրհնէ հայ քահանան։

… Բանտին մէջ կ՚աղօթէր հայ քահանան.

Անոր աղօթքը երկինք կը հասնէր.

Վերջին դատաստանը պիտի ընէ Յիսուս։

Հասան եւ Հիւսէյն Յիսուսի կողքին պիտի կենան։

Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց», Գ. Երեւանեան,1956)։

ՈՎՔԵՐ ԵՆ ՔԻԶԻԼՊԱՇՆԵՐԸ

Հասկնալու համար Տերսիմի քիզիլպաշներու կրօնը, անհրաժեշտ է Հետադարձ ակնարկով մը բացատրել, թէ ովքե՞ր են շիա իսլամութեան ենթաճիւղ հանդիսացող ալեւիները: Շիաները կը հաւատան, որ իսլամական կրօնքի հիմնադիր Մոհամմէտ մարգարէի մահէն ետք իսլամութեան առաջնորդ պէտք էր դառնար Մոհամմէտի եղբօրորդի եւ դստեր ամուսին Ալին: Սակայն Մոհամմէտի ժառանգներուն եւ իր որէյշ ցեղախումբին երբեք բախտ չվիճակուեցաւ իսլամական աշխարհի ղեկավարութիւնը ստանձնելու:

Իսլամութեան երկու յարանուանութեանց՝ սիւննիներու եւ շիաներու դարաւոր հակամարտութեան ու ատելութեան հասնող անհանդուրժողութեան գլխաւոր շարժառիթը կը հանդիսանայ 680 թուականին Իրաքի Քարպալա քաղաքին մօտ տեղի ունեցած զինեալ բախումը երկու հակադիր կողմերուն միջեւ: Այս ճակատամարտին Մոհամմէտ մարգարէի թոռ Հիւսէյնն ու իր 60 հետեւորդները կը սպանուին սիւննի Եազիտ Խալիֆային հետեւորդներուն կողմէ: Այս դէպքը խոր վէրք մը պիտի բանար իսլամական աշխարհին մէջ: Այսօր սիւննի յարանուանութեան կը հետեւին իսլամներու 85%-ը, իսկ շիա յարանուանութեան՝ 15%-ը:

ՏԵՐՍԻՄԻ ԱՅԼԱԶ ԲՆԻԿՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Համպուրկի համալսարանի իրանագիտութեան բաժանմունքէն գերմանացի լեզուաբան, իրանագէտ Լուտվիկ Փոլ, բաղդատական իր լեզուաքննութեանց վրայ հիմնուելով, կու գայ այն եզրակացութեան, որ Տերսիմի զազա բարբառը գործածող ալեւի ցեղերը առանձնայատուկ ազգագրական խումբ մըն են: Լուտվիկ Փոլի համաձայն՝ զազա ցեղերը Տերսիմ հաստատուած են Պարսկաստանի հիւսիսային շրջանի մերձկասպեան Ճիլան նահանգի Տայլաման կամ Տայլամ շրջանէն:

Տայլամի հնագոյն պատմութիւնը ուշագրաւ զուգահեռներ ունի Տէրսիմի ալեւի բնիկներու ազգագրական եւ կրօնական աւանդութեանց հետ: Տերսիմի նման Լեռնային անառիկ շրջաններու մէջ ապրող Տայլամանի ժողովուրդը տեսրիմցիներու նման ռազմասէր եւ մարտունակ ժողովուրդ էր, որոնք Սասանեաններու բանակին մէջ առանձնայատուկ ռազմագունդ ունէին:

Տայլամանցիներու ծագումնաբանութեանը անդրադառնալով՝ Հոլանտայի Թիլպուրկ համալսարանի փոքրամասնութիւններու լեզուաբանական ամպիոնի վայրիչ Կիվուս էքսթրայի ուսումնասիրութեանց լոյսին տակ ի յայտ կու գայ, որ մինչեւ 930-ական թուականներ զրադաշտական տայլամցիներուն մէջ նաեւ նեստորական-ասորական քրիստոնէական եկեղեցւոյ հետեւորդներ եղած են: 9-րդ դարուն՝ Աբբասեաներու իշխանութեան շրջանին, արաբները փորձած են բռնի իսլամացնել տայլամցիները: Սիւննի արաբներու փորձերը ձախողած են: Իրանցի ժամանակակից պատմաբան Սէյիտ Ահմատ Քասրաուի հետեւեալ տողերով կը բացատրէ կրօնափոխ դառնալու ճնշումներուն դիմաց տայլամցիներու ընդդիմութիւնը. «Իսլամները մինչեւ Ֆրանսայի Լուարի շրջանի խորքը հասած էին, բայց ահա բուռ մը ժողովուրդ յամառօրէն կը շարունակէր ըդդիմանալ»:

Իսլամութիւնը ի վերջոյ Տայլամ մուտք կը գործէ ոչ թէ սիւննիներու ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք, այլ՝ սիւննիներու հալածանքներէն փախուստ տուած եւ Տայլամ ապաստանած շիա յարանուանութեան հայր Ալիի ժառանգներուն պատճառով:

934-1055 Տայլամանէն ծնունդ առած է շիա իսլամական Պույիտեան թագաւորութիւնը:

Սակայն մեծագոյն առեղծուածը կը մնայ այն, թէ Տայլամի զազայախօս բնիկները ե՞րբ գաղթած եւ հաստատուած են հայկական լեռնաշխարհ: Կարգ մը պատմական տուեալներու համաձայն՝ անոնք 10-12-րդ դարերու ընթացքին գաղթած են արեւմուտք՝ Հայաստան:

Տերսիմցի պատմաբան Նուրի Տերսիմիի համաձայն՝ զազաները Տերսիմի մէջ բնակութիւն հաստատած են Արշակունեաց Տրդատ թագաւորի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկոսի օրերէն իսկ: Նուրի Տերսիմի կը հաստատէ, որ 13-րդ դարու սկզբնաւորութեան արեւելքէն Տերսիմ մուտք գործած են ուրիշան, Շէյխ Հասանան, խորմեքան, Պամասուրան եւ այլ քիզիլպաշ աշիրէթներ:

Տայլամանի պատմութեան այս անդրադարձին մէջ երեք ուշագրաւ համեմատութիւններ կարելի է կատարել:

Առաջին՝ Ռուբէն իր յուշերուն մէջ քիզիլպաշներուն կը կոչէ դմլիկներ, այսինքն՝ Տայլամէն, Տայլամանէն եկած ժողովուրդ. Տայլամ-Դմլիկ-Տիմլի:

Երկրորդ՝ Տերսիմի բնիկներուն ցեղագրական յատկանիշներուն նման անոնք եղած են ըմբոստ, ռազմունակ ժողովուրդ:

Երրորդ՝ իրենց պատմութեան ընթացքին որդեգրած են երեք տարբեր կրօնքներ՝ զրադաշտական-հեթանոս, քրիստոնէական եւ իսլամական՝ յար եւ նման տերսիմի բնիկներուն:

Պարսկաստանէն ժամանած արեւորդիներու շառաւիղներ ըլլալու վարկածն ու պարսկական Տիմլի ցեղին պատկանելիութեան մասին ենթադրութիւնը կը հաստատէ նաեւ Անդրանիկ՝ իր «Տերսիմ» խորագրեալ ճանապարհորդագրութեան մէջ:

ՏԵՐՍԻՄԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼԱԴԱՒԱՆ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Տերսիմի լեռնային շրջանի հայ բնակչութեան կրօնափոխ դառնալու պատմութիւնը կը յիշատակուի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, բանասէր-պատմագէտ Հայր Ղուկաս Իմճիճեանի ուսումնասիրութիւններուն մէջ: Այս հարցին լայնօրէն կ’անդրադառնայ ազգային գործիչ եւ Տերսիմի հարազատ զաւակ Գէորգ Հալաճեանը, որ «Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը» լայնածաւալ աշխատութեան մէջ կ’անդրադառնայ Տերսիմի հայութեան կրօնափոխութեան պատմութեանը: Նոյն հարցին անդրադարձած է նաեւ Գէորգ Երեւանեան՝ իր «Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոց» գրքին մէջ:

Պատմութիւնը կը տեղափոխուի 17-րդ դարու սկիզբ՝ թուրք-պարսկական պատերազմի եւ ջալալիներու ըմբոստութեան օրերուն, երբ մէկ կողմէ՝ Պարսկաստանի Սէֆեան հարստութեան կայսր Շահ Աբբաս կ’ասպատակէր արեւելեան Հայաստանը, միւս կողմէ՝ Արեւմուտքի մէջ Օսմանեան կայսրութեան դէմ կը խմորուէր ապստամբ թուրք զինուորականներու շարժում մը, որ պիտի կոչուէր ջալալիներու ըմբոստութիւն: Հակառակ այն իրողութեան, որ ջալալիներու թշնամութիւնը ուղղուած էր սուլթանին դէմ, անոնք իրենց զինուորական արշաւանքներուն ընթացքին անխնայ կը կոտորէին եւ կ’իսլամացնէին հայաբնակ շրջանները:

Պատմական այս ժամանակահատուածին՝ 1604-ին, տերսիմցիներու հոգեւոր առաջնորդ Տէր Սիմոն ժողովի կը հրաւիրէ իր գիւղացիները եւ հետեւեալ այլընտրանքը կը փոխանցէ ժողովուրդին. կա՛մ կառչած մնալ Քրիստոսի հաւատքին եւ նահատակուիլ, կա՛մ, իսլամութիւնը ընդունելով, փրկուիլ: Տեր Սիմոնի առաջնորդութեամբ ժողովուրդը կ’որոշէ կրօնափոխ դառնալ, սակայն փոխանակ թրքանալու կամ սիւննի իսլամութիւնը ընդունելու՝ կ’որոշեն ընդունիլ իրենց հարեւան քիզիլպաշ բնիկներու ալեւիական կրօնքը: Տէր Սիմոն եւ բազմատասնեակ տերսիմահայ գիւղերու ժողովուրդը կը միանան իրենց հարեւան քիզիլպաշ ուրէշան ցեղախումբին: Տէր Սիմոն կը դառնայ քիզիշպաշ հոգեւոր առաջնորդ եւ կը ստանայ սէյիտ Ալի անունը, իսկ շատ չանցած՝ ուրէշաններու փիրի (կաթողիկոս) մահէն ետք, կ՚ընտրուի Փիրէ Փիրան, այսինքն մեր հասկացողութեամբ՝ կաթողիկոս:  Տերսիմի վրայ 1937-ի քեմալական բանակի արշաւանքի ընթացքին տեղահանուեցան եւ ջարդուեցան հարիւրաւոր գուրէշանցիներ:

Հետաքրքրական է նշել, որ հայոց պատմութեան մէջ այս ժամանակը կը յատկանշուի հայութեան պարտադրուած ամենէն լայնածաւալ բռնագաղթով, ուր շահ Աբբասի՝ Արեւելահայաստանի վրայ կատարած արշաւանքի ընթացքին տեղահանուեցան 100 հազարաւոր հայեր, որոնցմէ մաս մը պարտադիր կրօնափոխ դարձաւ Պարսկաստանի մէջ: Շահ Աբբասի պալատական պատմիչ Իսքանտար Մունշիի վկայութեամբ Կարսի եւ Էրզրումի շրջաններուն վրայ ասպատակելէ ետք պարսկական բանակը կը գերեվարէ 20 հազար հայեր, որոնց, փոխադրելով կեդրոնական Իրանի Արազ քաղաքը, կը պարտադրեն, որ ընդունին քիզիլպաշութիւնը…

Իսկ պատմաբան Առաքել Դավրիժեցի ջալալիներու արշաւանքին մասին կը վկայէ, թէ ջարդարար թուրքերու սարսափով համակուած՝ հայ գիւղացիները կը լքէին իրենց բնակավայրերը եւ ապաստան կը գտնէին ամրացած վայրերու եւ լեռնային փապարներու (ծերպ) մէջ: Արդեօ՞ք «ամրացած եւ լեռնային շրջաններ» ըսելով Դավրիժեցի կ’ակնարկէր լեռնային Տերսիմին…

ՀԱՅ-ՔԻԶԻԼՊԱՇ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայ-քիզիլպաշ կրօնական, ընկերաբանական, ծագումնաբանական ընդհանրութիւններուն առաջին անդրադարձողները եղած են օտար հոգեւորականններ (միսիոնարներ) եւ դիւանագէտներ: Journal of the Royal Geographical Society of London պարբերականի 1868-ի թիւին մէջ Տիարպեքիրի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոս Ժ. Ս. Թէյլըր շահեկան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ այս առնչութեամբ: Քիւրտիստանի մէջ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին հաւաքած տեղեկութիւններով Թէյլըր կ՚եզրակացնէ, որ Տերսիմի բուն բնակչութիւնը կազմուած է երկու գլխաւոր խմբաւորումներէ. առաջինը Պարսկաստանի Խորասան շրջանէն գաղթած եւ Տերսիմ հաստատուած հասանանլի ալեւի ցեղախումբն է, իսկ երկրորդ հատուածը Տերսիմի լեռնաշխարհին վրայ դարերով բնակութիւն հաստատած հեթանոս հայերու շառաւիղները կազմող հայերն են: Հայկական բազմաթիւ աղբիւրներու համաձայն՝ Տերսիմի հիւսիսը՝ պատմական Եկեղեաց գաւառին մէջ կը գտնուէին հայոց հեթանոսական կրօնքի՝ Արամազդի, Անահիտի եւ Միհրի մեհեանները։

Սակայն Տերսիմի ընդհանուր պատմութեան մէջ խոր հետք ձգած են 7-րդ եւ 11-րդ դարերուն հայկական բարձրավանդակին վրայ եւ Տէրսիմի մերձակայ տարածքներուն մէջ ծնունդ առած եւ տարածուած պաւղիկեան եւ թոնդրակեան հայկական աղանդաւորական շարժումները:

Ըստ Նիկողայոս Ադոնցի՝ տերսիմցիներու նախահայրերը հայոց պաւղիկեան աղանդաւորական շարժման հետեւորդներն են։ Աղանդաւորական այս շարժման հետեւորդները չէին ընդունիր Քրիստոսի մարդկային կեանքի եղելութիւնը եւ այդ պատճառով կը մերժէին խաչի երկրպագութիւնը, հաղորդութիւնը, մկրտութիւնը եւ եկեղեցական այլ ծէսեր։ Յատկապէս հակադրուած էին Բիւզանդիոնի քաղկեդոնական եկեղեցւոյ։

Քրիստոնէական այս շարժումը միջնադարուն այնքան ուռճացաւ, որ իր մէջ ներքաշեց այլ ազգային փոքրամասնութիւններ եւ զէնքի ուժով սպառնաց գրաւել մինչեւ իսկ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը։ Շարժումը հետագային խեղդուեցաւ Բիւզանդիոնի կայսրերէն հայազգի Վասիլ Բ-ի կողմէ։

Ադոնցի տեսութիւնը տրամաբանական հիմքեր կրնայ ունենալ, որովհետեւ, իրենց դէմ բիւզանդացիներու շղթայազերծած հալածանքէն ետք, անոնք անցան արաբներու կողմը եւ խնդրեցին անոնց պաշտպանութիւնն ու հովանին։ Արաբ խալիֆային հրահանգով անոնց հողատարածք տրամադրուեցաւ Կապադովկիոյ Արգէոս լերան շրջակայքը, ուր անոնք հիմնեցին Տիվրիկ, Արաբկիր եւ Կիւրին քաղաքները։ Յիշեալ երեք քաղաքները կը գտնուին Տերսիմի անմիջական արեւմուտքը։ Հաւանական է, որ հետագային, յաւելեալ ճնշումներէ խուսափելու համար, անոնք գաղթած ըլլան աւելի արեւելք, եւ ինչու չէ՝ դէպի մօտակայ անառիկ Տերսիմ։

Արաբ-բիւզանդական հակամարտութեան ժամանակաշրջանին աշխուժացած պաւղիկեան աղանդաւորական շարժման հետեւորդները, հալածուած ըլլալով Բիւզանդիոնի ուղղափառ կայսեր եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ, ինքնապաշտպանութեան համար յաճախ կը դիմէին իսլամ արաբ իշխաններուն: Արաբ Խալիֆան մինչեւ իսկ հողատարածք կը տրամադրէ հայ աղանդաւորականներուն, որոնք 855 թուականին իրենց առաջնորդ Կարբէասի գլխաւորութեամբ հիմը կը դնէն Տիվրիկ քաղաքին: Այս քաղաքին շուրջ տեղեկայուած հայկական աղանդաւորական զինեալ գունդերը լուրջ արգելք էին բիւզանդացիներուն համար: 873-ին Բիւզանդիոնի Բարսեղ կայսրը կը գրաւէ Տիվրիկը եւ կը քանդէ քաղաքը: 11-րդ դարու վերջերուն Տեվրիկին տիրած են սելճուքները, 1242-ին՝ թաթար-մոնկոլները, իսկ 16-րդ դարու սկիզբը՝ օսմանեան թուրքերը։

Հաւանական է, որ Տիվրիկի եւ շրջակայ հայկական բնակավայրերու աղանդաւորական բնակչութիւնը, խուսափելու համար ե՛ւ քրիստոնեայ ե՛ւ իսլամ հալածանքներէն, դարերու ընթացքին հաստատուած է անառիկ եւ լեռնային Տէրսիմի մէջ, ուր համատեղ գոյակցութեամբ ապրած են իրենց նման սիւննի իսլամներու նման հալածուած ալեւիական քիզիլպաշ ցեղախումբերու հետ:

Արիստակէս Լաստիվերացիի վկայութեամբ՝ 11-րդ դարուն պաւղիկեաններու հետնորդները հանդիսացող թոնդրակեցիները կը բնակէին Մուշի եւ Էրզրումի ընդհանուր տարածքին մէջ, որ մերձակայ է Տերսիմի:

Ըստ մերօրեայ արաբ պատմաբան Մաթի Մուսայի՝ Տէվրիկի պաւղիկեաններու առաջնորդ Կրայսոկիր (863-872) նոյնիսկ իսլամութիւնը ընդունած էր:

Այստեղ արդէն զգալիօրէն նկատելի է հայ աղանդաւորականներու սերտ համագործակցութիւնը Տերսիմի մերձակայ շրջաններու իսլամ հաւաքականութիւններու եւ ցեղախումբերու հետ: Կրօնական արարողակարգի մէջ հայ աղանդաւորներն ու իսլամ աղանդաւորները ունէին որոշ ընդհանրութիւններ: Օրինակ՝ պաւղիկեաններն ու թոնդրակեանները հոգեւոր իրենց արարողութիւնները կը կատարէին սովորական բնակարաններու կամ ախոռներու մէջ՝ մերժելով եկեղեցին իբր սրբավայր ընդունիլ: Նմանապէս քիզիլպաշները կը մերժեն մզկիթ այցելել, այլ իրենց կրօնական հաւաքները կը կատարեն սովորական բնակարաններու մէջ:

Սակայն ամենէն ուշագրաւը՝ քրիստոնեայ եւ քիզիլպաշ ընդհանրութեանց մէջ քիզիլպաշներու մէկ աւանդութիւնն է իրենց ծագումնաբանութեան մասին: Աւանդութիւնը մեզի հասած է բրիտանացի ճանապարհորդ գնդապետ Մոլինօ-Սիլի կողմէ:

Ըստ աւանդութեան՝ Քարպալայի ճակատամարտէն ետք յաղթական սիւննի արաբները կը գլխատեն Հիւսէյնը՝ գլուխը օմմայեատներու խալիֆա Եազէտ Իպն Մուաուիային յանձնելու համար: Դէպի Դամասկոս ճանապարհին հանգստանալու համար կ’իջեւանին հայ քահանայի (Մուրթազա Քէշիշ) մը տունը: Հայ քահանան տան անկիւնը դրուած Հիւսէյնի գլխուն վրայ կը նշմարէ սրբութեան ճաճանչող նշաններ ու կ’որոշէ սուրբին գլուխը մօտը պահել: Այդ միջոցին անդրանիկ զաւակը, տեսնելով հօրը մտազբաղ վիճակը, հարց կու տայ անձկութեան պատճառին: Քահանան կը բացատրէ կացութիւնը: Զաւակը կ’առաջարկէ Հիւսէյնի փոխարէն իր գլուխը կտրել եւ յանձնել արաբներուն: Քահանան կ’ընդառաջէ զաւկին խնդրանքին եւ թրատելով զաւկին գլուխը՝ զայն կը յանձնէ արաբներուն: Սակայն սիւննի զինուորները, գիտակցելով պատահածին, կը պահանջեն Հիւսէյնի իսկական գլուխը: Քահանան իր միւս զաւակներն ալ կը զոհէ նոյն ձեւով: Վերջին զաւկին կարգը երբ կը հասնի, կը լսէ աստուածային ձայն մը, որ իրեն խորհուրդ կուտայ վերջին զաւկին գլխատուած գլուխը օծել Հիւսէյնի թրատուած գլուխէն հոսող արիւնով: Քահանան կը հետեւի ձայնին խորհուրդին: Արաբները կարծելով, որ քահանայի վերջին որդիին գլուխը Հիւսէյնինն է, կը շարունակեն իրենց ճամբան դէպի Դամասկոս: Քահանան Հիւսէյնի գլուխը յատուկ սենեակի մը մէջ կը զետեղէ եւ կը զարդարէ զայն գոհարեղէններով:

Քահանային միակ դուստրը, օր մը մուտք գործելով այդ սենեակը, կը նկատէ մեղրի կարաս մը: Հիւսէյնի գլուխը կերպարանափոխուած էր մեղրի: Հայ երիտասարդուհին կ’ուտէ մեղրը եւ անմիջապէս կը յղիանայ: Շատ չանցած, երբ հայ պարմանուհին օր մը կը փռնգտայ, հրեղէն շունչ մը կը ցայտի ռունգերէն, որ կը վերածուի մանուկի մը, որ քիզիլպաշներու աւանդութեան մէջ պիտի դառնար Ալիի հինգերորդ առաքեալ իմամ Մոհամմատ Ալ Պաքիրը:

Այս աւանդութիւնը յստակօրէն ի յայտ կը բերէ քրիստոնէական աւանդութեանց եւ հաւատալիքներու ազդու ներգործութիւնը քիզիլպաշներու կրօնքին վրայ:

ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆՔ ԵՒ ՏԵՐՍԻՄՑԻՔ

1990-ական թուականներէն ետք աքսորի մէջ գտնուող տերսիմցի շարք մը մտաւորականներ յառաջ մղեցին այն տեսութիւնը, ըստ որու տերսիմցիք հայոց Մամիկոնեան տոհմի շառաւիղներն են։ Ըստ աւանդութեան՝ պարթեւ Մամիկ եւ Կոնակ իշխանները, ապստամբելով պարթեւներու արքայից արքային դէմ, կ՚աքսորուին Հայաստան, ուր ժամանակի ընթացքին հիմը կը դրուի Մամիկոնեան սպարապետից նախարարական տան։

Տերսիմի գլխաւոր աշիրէթներէն մէկն էր մամըկա ցեղախումբը, որոնք կը ճանչցուէին իբրեւ մամըկանցիք եւ կ’ընդունէին, որ Մամիկոնեաններու սերնդակիցներն են:

Իրողութեան մէջ հայկական բարձրաւանդակի տարածքին 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան կը յիշատակուին բազմաթիւ քիւրտ եւ քիզիլպաշ ցեղախումբեր, որոնք կը կոչուին Մամըքա, Մամաքան, Մամաքանլի, Մամիկիյէ, Մամըքոն։

Մեր պատմագրութեան մէջ յաճախ կը յիշատակուի այն մասին, թէ ինչպէս սելճուքներու եւ այլազգ ցեղերու կողմէ Հայաստանի բռնագրաւումէն ետք շատ մը հայկական նախարարական տուներ բռնեցին ուծացման եւ այլադաւանութիւն ընդունելու ճամբան։ Հայր Չամչեանի պատմագրութեան մէջ կը յիշատակուին Արծրունիները, Ռշտունիներն ու Մանդակունիները։

Անգլիացի քաղաքական գործիչ եւ ճանապարհորդ Մարք Սայքս կը վկայէ քրտական կարգ մը ցեղախումբերու հայկական ծագումնաբանութեան մասին 1908-ին հրատարակուած իր «Օսմանեան կայսրութեան քիւրտ ցեղախումբերը» աշխատութեան մէջ, ուր ան Միջագետքի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ կատարած ճանապարհորդութեան ընթացքին հաւաքագրած եւ արձանագրած է շրջանի քիւրտ ցեղախումբերու տեղագրութիւնը։

Նշենք, որ Անգլիոյ պահպանողական կուսակցութեան անդամ Սայքս հռչակաւոր Սայքս-Փիքօ զոյգի Սայքսն է, որոնք 1916-ին, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կառավարութեանց յանձնարարութեամբ գծեցին Օսմանեան Թուրքիոյ տարանջատման ու մասնատման քարտէսը։

Սայքսի ուսումնասիրութեան մէջ Մամիկոնեան անուան հետ կապուած քրտական ցեղախումբեր կը գտնենք Մշոյ դաշտի, Տիարպեքիրի, Խնուսի եւ Պինկէօլի շրջաններուն մէջ։ Օրինակ՝ Պինկէօլի շրջանի Մամաքանլի ցեղախումբին առնչութեամբ Սայքս կը հաստատէ բնիկներուն կողմէ իրենք զիրենք Մամիկոնեաններ նկատելու պարագան։ Դարձեալ Վանայ լիճի հիւսիսը Սայքսի կողմէ կը յիշատակուի Մամական ցեղախումբը։ Վանայ լիճի աւազանի հիւսիսակողմը գտնուող քրտական ցեղախումբերու սովորոյթներուն ծանօթանալով՝ Սայքս կը հաստատէ, թէ անոնք նախապէս կամ հայ քրիստոնեաներ եղած պէտք է ըլլան, կամ ալ արեւորդի հայ-պարթեւներ։

Սայքս կը յիշատակէ նաեւ Սղերդի շրջանի Պեքրան ցեղախումբը՝ որպէս Բագրատունեաց շառաւիղներ, իսկ Վանայ լիճի հարաւակողմի Ռաշքոթանլիները՝ Ռշտունիներու շառաւիղներ։ Սակայն ամենէն ուշագրաւը Մշոյ դաշտի պոշիքան եւ քուրեան ցեղախումբերու պարագան է, որոնք կը պաշտէին ժայռի մը մէջ խրած ամրակուռ սուր մը եւ իրենց նախահայրը կը նկատէին քրիստոնեայ թագաւոր մը, որ կը կոչուէր Դաւիթ (Սասունցի Դաւիթ)։

ՄԻՐԱԳԵԱՆՆԵՐ

Անդրանիկ գրչանունը կրող գրող մը 1900-ին ԹիՖլիս հրատարակուած իր «Տերսիմ» աշխատութեան մէջ կ՚անդրադառնայ լեռնային Տերսիմի Միրագեան հայ ցեղախումբին, որ համերաշխօրէն կ՚ապրէր քիզիլպաշ տերսիմցիներուն հետ։ Անդրանիկի կողմէ Միրագեաններու թիւը կը գնահատուի 8000-ով, իսկ լեռնային Տերսիմի մնացեալ քիզիլպաշներու թիւը՝ 70 հազարով։

Միրագեանները ունէին յատուկ բարբառ եւ կը հաստատէին, թէ իրենք Մամիկոնեան տոհմի շառաւիղներն են։ Ընդհանրապէս անգրագէտ էին։ Երկար տարիներ Տերսիմի քիզիլպաշներու եւ հայերու ուխտավայր Հալւորի Ս. Կարապետ վանքի պահապաններն էին։
Իրենց գլխաւոր բնակավայրն էր Տուժիկի լեռնային Տէր Օվանի (Տէր Յովհաննէս, ներկայիս բնակավայրը կը կոչուի Տէրօվա) դաշտագետինը։ Ռազմունակ հայկական այս ցեղախումբը Օսմանեան բանակներուն դէմ տերսիմցիներու ըմբոստութեանց ժամանակ միշտ ճակատային առաջին գիծի վրայ կը գտնուէր եւ ահ ու սարսափ կ՚ազդէր թուրքերուն։ Կռուի ժամանակ կարողութիւնը ունէին 3000 հրացանակիր մարտի դաշտ հանել։
1834-ին թրքական 40 հազարի հասնող բանակը Ռէշիտ Փաշայի հրամանատարութեամբ կ’արշաւէ Տերսիմ, սակայն ծանր պարտութեան կը մատնուի: Այս պատերազմին քիզիլպաշ ցեղախումբերու կողքին մարտնչող Միրագեաններու դերակատարութիւնը մեծ կ’ըլլայ:
ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տերսիմցիք շատ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են հարեւան Չարսանճագ գաւառի հայութեան հետ։ Քիզիլպաշները ընդհանրապէս խաշնարածութեամբ միայն կը զբաղէին, այդ պատճառով իսկ, իրենց կենցաղային այլ կարիքները հոգալու համար, առեւտուրը կը կատարէին դաշտային Տերսիմի հայերուն հետ:
Լեռնային Տերսիմի շատ մը գիւղերու մէջ հայ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ’ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին։
Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ՝ Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տերսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով՝ կ՚ընդունէին քիզիլպաշութիւնը։
Լեռնային Տերսիմի հայ բնակչութեան թուաքանակին վերը արդէն անդրադարձանք Անդրանիկի այն վկայութեամբ, որ կը հաստատէր, թէ Միրագեաններու թիւը կը կազմէր 8000։ Սակայն հոս նկատի պէտք է ունենալ, որ բացի լեռնային Տերսիմէն՝ լեռնալանջային եւ դաշտային Տերսիմի մէջ կային 100-է աւելի հայ-քիզիլպաշ խառն գիւղեր, որոնց թուաքանակին մասին պատմական յստակ տեղեկութիւնները ժլատ են։
Բրիտանական խորհրդարանի անդամ եւ ճանապարհորդագիր Հէնրի Լինչ 1893-ին եւ 1898-ին Հայաստան կատարած իր երկու ճամբորդութիւններէն ետք հրատարակած «Հայաստան – ուղեւորութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ» երկհատոր աշխատութեան մէջ Լեռնային Տերսիմի քիզիլպաշներու թիւը կը գնահատէ 62 հազարով, իսկ հայութեան թիւը կը գնահատէ 8000-ով, որ կը համապատասխանէ Անդրանիկի տուեալներուն։
Դաշտային Տերսիմի կամ Չարսանճաքի հայութեան թիւը կը գնահատուէր 40 հազարով (Գ. Երեւանեան, «Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց»)։
Ուրեմն կարելի է մօտաւոր հաշուարկներով հետեւցնել, որ Տերսիմի (դաշտային եւ լեռնային) հայ բնակչութեան թիւը կազմած ըլլայ 50-75 հազար հոգի։
Հայկական յեղափոխական կուսակցութիւններ այնքան ազդու ներկայութիւն չեն եղած Չարսանճաքի մէջ, եւ այդ պատճառով տերսիմցիներու հետ համագործակցութիւնը յաճախակի չէ եղած։
Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն տերսիմցիք մասնակից չդարձան հայերու ջարդերուն, ինչ որ ըրին սիւննի իսլամ քիւրտերը։ Տերսիմցիք անհեռատեսօրէն նախընտրեցին չէզոք դիրք բռնել՝ չըմբռնելով, որ 20 տարի ետք նոյն ճակատագրին իրենք պիտի ենթարկուէին։ Հակառակ այս իրողութեան՝ տերսիմցիք իրենց գիւղերուն մէջ ջարդերէն ճողոպրած 30-40 հազար հայերու ապաստան տուին։ Սպանդէն ճողոպրած հայութեան վերոյիշեալ զանգուածներէն մաս մը անցաւ Արեւելահայաստան, իսկ մաս մը մնաց Տերսիմի մէջ։ Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ եւ Կայծակ Առաքել Տերսիմի եւ անոր շրջակայքին մէջ գործադրեցին հայ որբեր փրկելու «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» ծրագիրը։
Եղեռնէն ճողոպրած հայեր փրկելու իրողութեան կ՚անդրադառնան ամերիկեան եւ գերմանական Թուրքիոյ հիւպատոսարաններու փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկացի միսիոնար Հէնրի Ռիկզի եւ այլոց վկայութիւնները։
Գերմանական «Տէյր Շփիկըլ» թերթը Հոկտեմբեր 13, 2005-ի իր թիւով կը գրէ այն մասին, թէ ինչպէս հայկական իր արմատներն ու ինքնութիւնը հաստատագրող թրքական ազգային հեռատեսիլէն Հրանդ Տինքի հռչակաւոր ելոյթէն օրեր ետք Տերսիմէն ժամանած գիւղի մը բնակիչները կը բացայայտէին իրենց ինքնութիւնը եւ կը յայտարարէին, թէ 1915-ին ջարդերէն փրկուելու համար այլադաւան դառնալով՝ ընդունած էին ալեւիականութիւնը եւ ապաստանած հարեւան քիզիլպաշ տերսիմցիներու մօտ:
ՀՅԴ-ՏԵՐՍԻՄ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ռուբէն (Ռուբէն Տէր Մինասեան) տերսիմցիներու հետ ՀՅԴ յարաբերութիւններուն կ՚անդրադառնայ իր յուշերուն մէջ՝ շեշտելով, որ ՀՅԴ, իր աշխատանքները կեդրոնացուցած ըլլալով Սասնոյ, Վասպուրականի եւ Կովկասի մէջ, առիթ չէր ունեցած հետեւողական կապ հաստատելու Տերսիմի աշիրէթներուն հետ։
Գլխաւոր կապը եղած է Պինկէօլի քիզիլպաշ Խորըմընկ աշիրէթի ցեղապետ Զէյնալը, որուն հետ առաջին հանդիպումը կ’ունենայ Կորիւնը 1905-ին: Յարաբերութիւնները աւելի կը սերտանան, եւ Զէյնալ անպաշտօն «դաշնակցական» կը դառնայ: Ռուբէն մօտէն ծանօթ եղած է Զէյնալի, որ կը հալածուէր թրքական կառավարութեան կողմէ: Զէյնալ մի քանի առիթներով Ռուբէնի եւ Կորիւնի առաջարկած է խառն ամուսնութիւններ կազմակերպել հայերու եւ տերսիմցիներու միջեւ, որպէսզի երկու ժողովուրդները միաձուլուին եւ մէկ ազգ դառնան:
1907-ին Զէյնալ իր տերսիմցի զինեալներով կը փորձէ անցնիլ Մուշ եւ միանալ Դաշնակցութեան ֆետայական խումբերուն, սակայն թրքական ուժեր խիտ շարքերով կը փակեն անոր ճանապարհը: Հետագային թրքական բանակին ու ոստիկանութեան կողմէ հալածուող Զէյնալ դաւադրաբար կը սպանուի:
Ռուբէն տերսիմցիները կը կոչէ «դմլիկներ»:
ՀՅԴ-ն, նկատելով Տերսիմի կարեւորութիւնը, հոն կ՚ուղարկէ երզնկացի իր գործիչներէն Տերսիմի Քեռին (Ռուբէն Շիշմանեան), որ սերտ յարաբերութիւններ կը հաստատէ քիզիլպաշ ցեղապետներուն հետ, մանաւանդ Սէյիտ Ռիզային հետ, որ հետագային պիտի դառնար 1937-ի Տերսիմի ապստամբութեան ղեկավարը։
ՏԵՐՍԻՄՑԻՔ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐ
Ինչպէս վերը նշեցինք, տերսիմցիներու եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները երբեք հաշտ չեն եղած, ընդհակառակն՝ քրտական եւ տերսիմական յեղափոխական շարժումներու ընթացքին երկու կողմերը իրարու ձեռք չեն երկարած։ Այստեղ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է կրօնական ուղղուածութեան գործօնը, որովհետեւ, ինչպէս վերը նշեցինք, տերսիմցիք ալեւի են, իսկ քիւրտերը՝ սիւննի իսլամ:
Օրինակ՝ 1920-ին Քոչկիրիի յեղափոխութեան ընթացքին Սեբաստիոյ նահանգի քիզիլպաշ Քոչկիրի ցեղախումբի նախաձեռնած ապստամբական շարժման չօժանդակեցին սիւննի իսլամ քիւրտ ցեղախումբերը։
Փոխադարձաբար 1925-ի Շէյխ Սայիտի յեղափոխութիւնը պոյքոթի ենթարկուեցաւ տերսիմցի ալեւի ցեղախումբերուն կողմէ, որովհետեւ ան կը կրէր սիւնիի իսլամական դրոշմ։
1930-ի Արարատի յեղափոխութեան ժամանակ, տերսիմցիք չէզոք դիրք բռնեցին քրտական ազգայնական «Հոյպուն» կազմակերպութեան նախաձեռնած ապստամբութեան հանդէպ։ Յիշեցնենք, որ Կարօ Սասունիի տուեալներով այս յեղափոխութեան ընթացքին «Հոյպուն»ի հետ սերտ կապեր հաստատած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իսկ զինեալ ուժերու ղեկավարներէն մէկը եղած է ՀՅԴ-ի անդամ մը։
1937-ի Սէյիտ Ռիզայի յեղափոխութեան ժամանակ տերսիմցիք մնացին առանձին, եւ երկարատեւ մարտերէ ետք, որոնց ընթացքին օգտագործուեցաւ ռազմօդուժ, քեմալական բանակները տեղահանեցին ու ջարդեցին Տերսիմի ժողովուրդը։
1937-ի ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՋԱՐԴԸ
1930-ական թուականներուն քեմալական Թուրքիոյ մէջ Տերսիմը կը մնար այն միակ շրջանը, որ ենթակայ չէր կեդրոնական կառավարութեան եւ կը շարունակէր իր կիսանկախ գոյութիւնը։ Թրքական կառավարութիւնը կ՚որոշէ զէնքի ուժով վերջ տալ այս կացութեան։ Բախումները կը սկսին 1937-ին։ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորած ապստամբութեան կը միանան միայն 5 քիզիլպաշ ցեղախումբեր, իսկ մնացեալ ցեղախումբերը կը մերժեն աջակցիլ ըմբոստներուն։ Երկարատեւ մարտերէ ետք Սէյիտ Ռիզա 1937-ի Սեպտեմբերին կը ձերբակալուի եւ կախաղան կը բարձրացուի։
1937-38թթ. երկարող Տերսիմի ըմբոստութեան մասին ականատեսի իր վկայութիւնները կու տայ տերսիմցի քաղաքական գործիչ Նուրի Տերսիմի՝ իր «Քիւրտիստանի պատմութիւն, Տերսիմ» յուշագրութեան մէջ։ Այս գրքին մէջ ան կը գրէ, թէ ինչպէս թրքական բանակը ճզմելէ ետք յեղափոխականները, չէր խնայեր կիներուն եւ երեխաներուն։ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերը յիշեցնող բազմաթիւ վկայութիւններ կը գտնենք Նուրի Տերսիմիի վկայութիւններուն մէջ. թուրք զինուորին չյանձնուող եւ բարձունքներէն վար նետուող տերսիմցի երիտասարդուհիները, քարանձաւներու մէջ ապաստանած անմեղ մանուկներու ու մայրերու կրակի ծուխով հեղձամահութեան արարքները… Թուրքերը նոյնիսկ չխնայեցին ապստամբութեան մասնակից չդարձած եւ անձնատուր եղած աշիրէթներուն եւ հաւաքաբար սուինահարեցին այդ ցեղախումբերու անդամները։
Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 թթ., քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ։
Մեզի քիչ ծանօթ է 1938-ի Տերսիմցիներու յեղափոխութեան ընթացքին հայերու մասնակցութեան պատմութիւնը։ Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու՝ 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են բազմաթիւ հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն տերսիմցիներու կողքին սպանուած, ջարդուած եւ տեղահանուած են հազարաւոր հայեր։
ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵՆէՆ ԵՏՔ
1937-38-ի ապստամբութենէն ետք թրքական կառավարութիւնը յետին թշուառութեան մէջ պահեց Տերսիմը, որուն բնիկներէն շատեր աշխատանք գտնելու համար մեկնեցան Արեւմտեան Թուրքիա։ Այս ձեւով, ջարդերէն ետք, թրքական կառավարութիւնը ամէն միջոց օգտագործեց՝ շրջանը իր ժողովուրդէն պարպելու համար։
Պէտք եղաւ սպասել մինչեւ 60-70-ական թուականները, երբ Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան շարժումներ սկիզբ առին, եւ տերսիմաբնակ երիտասարդներ միացան թրքական ձախակողմեան շարժումներու։
Այստեղ նշենք, որ ձախակողմեան այս շարժումներուն մէջ մասնակից էին նաեւ թուրք ալեւիները, որոնք, բացի կրօնական գործօնէն, ոչ մէկ կապ ունին տերսիմցիներուն հետ. աւելին՝ քիզիլպաշ ալեւիական հոսանքը աղանդի մէջ այլ աղանդ մըն է, այսինքն՝ բոլորովին տարբեր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ալեւի աղանդաւորականութենէն:
70-ականներուն քիւրտերը նոյնպէս, սիւննի իսլամ Թուրքիոյ մէջ ճնշուած ըլլալով, ազգայնապաշտ քեմալականներուն դէմ իրենց բողոքը կ՚արտայայտէին՝ միանալով ձախակողմեան, մարքսիստ կամ համայնավար կազմակերպութիւններու։
80-ական թուականներու սկզբնաւորութեան ձախակողմեան այս շարժումներէն ոմանք արդէն իսկ ունէին զինեալ իրենց կազմակերպութիւնները, ինչպէս TIKKO, Tekosin (պայքար) եւ անշուշտ PKK։ Զինեալ այս շարժումներէն ոմանք շուտով վերածուեցան տերսիմակեդրոն շարժումներու, եւ այս ընթացքին տերսիմցի երիտասարդներուն մօտ սկիզբ առաւ ազգային-ցեղային արմատներու ինքնագիտակցութեան շարժումը։
Թրքական զինուորականութիւնը, զսպելու համար իր բնակչութեան աւելի քան 50 առ հարիւրին (թուրք ալեւիներ եւ քիւրտեր) տարանջատման ուղղուածութիւնը, բռնի ուժով խեղդեց ձախակողմեան այս շարժումները։
Ձախակողմեան եւ մարքսիստ շատ մը տերսիմցի զինեալներ դուրս եկան Թուրքիայէն եւ հաստատուեցան Եւրոպա, յատկապէս Գերմանիա։ Յիշեցման կարգով նշենք, որ 80-ականներու հակակառավարական զինեալ պայքարին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ Թուրքիոյ մէջ ծնած հայ երիտասարդներ, որոնցմէ Օրհան Պաքըրի (Արմենակ Պաքրճեան) մասին շատ գրեցին թրքական թերթերը։ Ձախակողմեան յեղափոխական Պաքրճեան սպանուեցաւ 1980-ին։ Ան սերտ յարաբերութիւններ ունէր Տերսիմի հայութեան մնացորդացին հետ, որոնք այդ օրերուն ունէին ընդյատակեայ եկեղեցի եւ քահանայ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1994-ին Քրտական Աշխատաւորական կազմակերպութեան դէմ արշաւանքները պատրուակ բռնելով՝ թրքական բանակը եւ թրքական ազգայնապաշտ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութիւնը ահազանգային տեղափոխում պարտադրեցին հարիւրէ աւելի տերսիմական գիւղերու։ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերը յիշեցնող դէպի «ապահով» վայրեր տերսիմցիներու այս զանգուածային տեղահանութիւնը, երկրորդ անգամ ըլլալով, իր բնակչութենէն պարպեց Տերսիմը։
Ներկայիս, հակառակ երկարամեայ տեղահանութիւններու, Տերսիմի մէջ կը շարունակէ ապրիլ բնիկ տերսիմցին: Անոնց թիւին մասին յստակ տուեալներ չկան, որովհետեւ կառավարութեան մօտ արձանագրուած են իբրեւ թուրք: Անպաշտօն թիւը կը նկատուի 150-200 հազար:
ՏԵՐՍԻՄԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ
Տերսիմցիներու 1990-ական թուականներու վերազարթօնքի շրջանի աշխոյժ գործիչներէն է Եւրոպա հաստատուած մտաւորական Սէյֆի Ճէնկիզ, որ այսօր Տերսիմի ազգային ինքնութիւնը պահպանելու գլխաւոր ջատագովներէն է: Տերսիմ ծնած Սէյֆի Ճէնկիզ 80-ականներուն Տերսիմի մէջ թրքական բանակին դէմ զինեալ պայքարին մասնակից եղած է եւ Tekosin-ի հիմնադիրներէն է: Իբրեւ ծայրայեղ ձախակողմեաններ՝ Ճէնկիզ եւ իր գործակիցները սկզբնական շրջանին կը միանան քրտական յեղափոխական շարժումներու, սակայն Տերսիմի մէջ, շաղուելով բնիկ ժողովուրդին հետ, գիտակից կը դառնան այն իրողութեան, որ իրենք քիզիլպաշներ են եւ ոչ թէ սիւննի քիւրտ: Ճէնկիզ եւ իր զինակիցները կ’անդրադառնան իրենց ինքնութեան եւ տերսիմցիներու տարբեր ցեղ մը ըլլալու իրողութեան:
90-ականներու սկիզբը Գերմանիա հաստատուելով՝ Ճէնկիզ կը հիմնէ Serbestiya Dersimi / Freedom Party of Dersim (PSD) – Տերսիմի Ազատութեան կուսակցութիւնը, որուն հիմնական նպատակը Տերսիմի 1938-ի ջարդերուն համար միջազգային դատական ատեանի մը առջեւ թրքական կառավարութիւնը պատասխանատըւութեան կանչել է: Այս գծով երեք տարի առաջ սկսած է կազմակերպութեան The Initiative of Dersim 38 ծրագիրը, որ ստորագրահաւաք խնդրագիր մըն է (petition): Ցարդ հաւաքած է 5000 ստորագրութիւն: Այս ծիրէն ներս երեք տարի առաջ լոյս տեսած են Քեմալական Թուրքիոյ՝ Տերսիմի ջարդերը դատապարտող անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն յայտարարութիւններ:
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ կը հաստատեն եւ կը վկայեն տերսիմցիներու իւրայատուկ ցեղ կամ հաւաքականութիւն ըլլալու իրողութիւնը: Տերսիմցիք իրենք կը հաստատեն, որ աւելի մօտ կը զգան քրիստոնէութեան, քան իսլամութեան: Բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւն ունեցած են շրջակայ հայ բնակչութեան հետ եւ, ինչպէս վերը նշեցինք, Մեծ Եղեռնի օրերուն Տերսիմի քիզիլպաշ ցեղախումբերը մերժած են մասնակցիլ հայութեան դէմ ջարդերուն եւ հայերուն ապաստան տուող միակ այլազգիները եղած են:
Մէկ խօսքով՝ նոյն հաւատալիքներով ու աւանդութիւններով, սակայն կրօնական տարբեր ուղղուածութեամբ ազգի մը երկու հատուածներու՝ դարերու ընթացքին ինքնութիւնը կորսնցուցած եւ դարերով ինքնութիւնը պահած նոյն ժողովուրդի համաձուլուած զաւակներն են տերսիմցի հայն ու քիզիլպաշը։
Պատմութիւնը տակաւին երկար ուսումնասիրութիւններու կարօտը ունի՝ լոյս աշխարհ բերելու Տերսիմ աշխարհի բնակչութեան անցեալն ու պատմութիւնը։
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
«Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը», Գէորգ Հալաճեան, 1973, Երեւան:
«Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոց», Գէորգ Երեւանեան, 1956, Պէյրութ:
«Տերսիմ», Անդրանիկ, 1900, Թիֆլիս:
«Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն, 1985, Պէյրութ:
The Religion of the Dersim Kurds», Henry H. Riggs (The Missionary Review of the World – 1911)
Sykes, Mark, 1908,  “The Kurdish tribes of the Ottoman Empire”, Journal of the Royal Anthopological Institute 38.
Taylor, J.G., 1868, “Journal of a tour in Armenia, Kurdistan, and Upper Mesopotamia, with notes on researches in the Deyrsim Dagh, in 1866″, Journal of the Royal Geographical Society 38.
Lynch, H F B (1901). Armenia, travels and studies.
L. Molyneux-Seel, “A Journey in Dersim,” The Geographical Journal 44, no. 1 [1914]: 49-68).
Dersimi, M. Nuri 1952, Kurdistan tarihinde Dersim.
The Position of Zazaki Among West Iranian Languages, Ludwig Paul
Moosa, Matti (1987) Extremist Shiites. The Ghulat Sects, New York
Izady, Mehrdad R. (1992) The Kurds: A Concise Handbook.
Paul White, Dynamics of the Kurdish & Kirmanc-Zaza Problems in Anatolia – Interview with Seyfi Cengiz, 1996.
Martin van Bruinessen, The Suppression of the Dersim Rebellion in Turkey (1937-38), 1994.

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.