Դրամահաւաք՝ Ի Նպաստ Հայկական Վագըֆ Գիւղին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Վագըֆի անունով, Քընալըատայ կղզիին վրայ տեղի ունեցած է ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի գիւղի եկեղեցիին եւ անոր յարակից կառոյցներու շինարարութեան ծախսերուն:
Ըստ «Ակօս»ին՝ Վագըֆի ներկայացուցիչները զոհ մատուցած են, ապա բացուած է ճաշի սեղան ու հրամցուած է հայկական աւանդական հարիսան:
Արարողութեան ներկայ եղած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Իրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, Շիշլի թաղամասի փոխքաղաքապետը եւ այլք:
Արամ արք. Աթէշեան նշած է, որ գիւղին մէջ տարբեր նախագիծեր իրականացնելու համար անհրաժեշտ 400 հազար թրքական լիրայէն կարելի եղած է հաւաքել 170 հազարը: «Վագըֆը միակ հայկական գիւղն է, զոր մենք այսօր ունինք: Վագըֆի բնակիչները իրենց առանձնայատկութիւնները, աւանդոյթներն ու մշակոյթը պահպանելու համար, իսկական պայքար կը մղեն: Այդ պայքարը միայն Վագըֆի բնակիչներունը չէ, անիկա նաեւ մե՛ր պայքարն է», յայտարարած է Աթէշեան՝ յոյս յայտնելով, որ պահանջուած գումարը արագօրէն կը գոյանայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.