Ղարաբաղցիները Արժանի Են Ազատ Ու Անկախ Երկիր Ունենալու. Պասկ Առաջնորդ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ (ՀԵԲ) կազմակերպութեան տնօրէն Էդուարդօ Լորենցօ Օչօայի հետ այս շաբաթ աւարտեց Պասկերու երկիրին մէջ միաշաբաթեայ առաքելութիւնը:
10-16 Սեպտեմբեր կայացած այցելութիւնը կը ներառէր հանդիպումներ պասկ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, որոնց կարգին՝ Պասկերու խորհրդարանի նախագահ Պաքարտխօ Տեջերիա Օթերմինի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ՝ մարզային եւ տեղական մակարդակով:
12 Սեպտեմբերին Պասկերու մարզային խորհրդարանը դարձաւ Եւրոպական միութեան առաջին խորհրդարանը, որ ճանաչեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը՝ ամերիկեան քանի մը նահանգներէ եւ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելզէն ետք:
Ուրբաթ օրուան հանդիպումէն ետք ոչ մէկ քաղաքական ուժ դէմ քուէարկեց բանաձեւին՝ Վիթորիայի մէջ գտնուող պասկեան խորհրդարանին մէջ:
«Մենք այս թեմայի շուրջ համաձայնութեան հասնելու յստակ կամք ունէինք: Շատ պարզ է մեր ուզածը. մենք կ՛ուզենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուի: Մենք կը հասկնանք, որ բոլոր ժողովուրդները ինքնորոշման եւ իրենց ապագան ժողովրդավարական ուղիով կառուցելու իրաւունք ունին: Մենք՝ որպէս պասկեր, կը ճանչնանք բոլոր ժողովուրդները եւ, ի հարկէ, Լեռնային Ղարաբաղը», յայտնած է Մարիա Եւկենիա Արիզապալկան՝ իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր, որ նաեւ պատասխանատու է տարբեր թղթածրարներու։
Բանաձեւի ընդունումէն առաջ իսկ, Քիպուզքոա նահանգի նախագահ Մարտին Քարիթանօ յայտարարած է, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ Է. Միրզոյեանի հետ Սան Սեպասթիանի մէջ ունեցած հանդիպման ժամանակ:
«Այս ժողովուրդին տառապանքին պէտք է վերջ դրուի, քանի որ անոնք արժանի են ազատ եւ անկախ երկիր ունենալու, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ ապագայ պետականութիւնը եւ լեզուի ու մշակոյթի լիակատար պահպանումը», նշած է Քարիթանօ։
Էդուարդ Միրզոյեան եւ ՀԵԲի տնօրէնը նաեւ հանդիպում ունեցած են Սան Սեպասթիանի, Թոլոսայի եւ Քերնիկայի քաղաքապետերուն հետ՝ քննարկելով հետագայ համագործակցութեան հարցը, որուն կարգին նաեւ Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ այլ քաղաքներու հետ մշակութային փոխանակումները:
13 Սեպտեմբերին Է. Միրզոյեան համագործակցութեան եւ ճանաչման համաձայնագիր կնքած է Սան Սեպասթիանի քաղաքապետ Խուան Քարլոս Իզակիրէի հետ՝ մերձեցնելով Սան Սեպասթիան քաղաքը Լեռնային Ղարաբաղին եւ սահմանելով համատեղ ծրագիրներու յստակ բնագաւառներ։
«Պարբերական շփումներ պէտք է պահպանուեն քաղաքների եւ համապատասխան գերատեսչութիւնների միջեւ՝ հեշտացնելու փոխանակումների քննարկումները եւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր հետաքրքրութեան հարցերը», նշուած է համաձայնութեան մէջ:
Յաջող եւ արդիւնաւէտ այցելութիւնը ամփոփուած է Երեքշաբթի, 16 Սեպտեմբերին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.