«Հին Հայկական Բնակավայր» Կը Ծախուի Թուրքիոյ Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ գործող անշարժ գոյքի խորհրդատուական ընկերութիւն մը համացանցի վրայ յայտարարութիւն մը տեղադրած է հողատարածքի մը վաճառքին մասին, որ կը ներկայացուի իբրեւ «700 տարուան հայկական գիւղի» տարածք: Կազմակերպութեան պատասխանատուները նմանօրինակ յայտարարութեան տեղադրումը բացատրած են հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. «Եթէ նշէինք, որ այգի կը վաճառուի, ոչ ոք այսչափ կը հետաքրքրուէր», կը տեղեկացնէ թրքական «Միլլիյէթ» թերթը:
Կազմակերպութիւնը վաճառքի հանած է նաեւ «700 տարուան հին հայկական գիւղ» մը:
Տարածքները կը գտնուին Պուրսա նահանգի Կիւվենլը գիւղին մէջ։ Առաջինին տարածքն է՝ 8416 քառ. մեթր, իսկ երկրորդինը՝ 1989 քառ. մեթր։ Առաջինին համար սահմանուած գինը 90,000 թրքական լիրա է (մօտաւորապէս 54,000 տոլար), երկրորդին համար՝ 105,000 լիրա (63,000 տոլար):
Ընկերութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ յայտարարութիւններուն մէջ տեղ գտած «հին հայկական» ձեւակերպումը բազմաթիւ հեռաձայններու պատճառ դարձած է: Մինչեւ իսկ Պելճիքայէն հետաքրքրուողներ եղած են: Ան նաեւ նշած է, որ իրենք օգտագործած են «հին հայկական» արտայայտութիւնը, որպէսզի հնագիտական հետաքրքրութիւններ արթնցնեն գնորդներուն մէջ, քանի որ տարածքին վրայ կրնան պեղման աշխատանքներ իրականացնել:
Գիւղը նախապէս կոչուած է Քարսաք: Մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն, հոն ապրած են աւելի քան 5000 հայեր: Ցեղասպանութեան տարիներուն գիւղը հայաթափուած է եւ հայերուն մէկ մասը գաղթած է Պուլկարիա:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.