Թուրք Նախարարը Հայաստանի Հետ Յարաբերութեանց Նոր Էջ Կ՛ուզէ Բանալ


ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնած է, թէ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները յառաջ տանելու գործին մէջ իր բաժինը կատարած է, եւ «բոլորը կարիք ունին իրարու հետ ապրելու՝ խուսափելով անցեալին պատահածը նշելէ»:
Պոզքըր Լիզպոն այցելութեան մը ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման հարցին: Անդրադառնալով Ապրիլ 23ին հրապարակուած Թուրքիոյ այդ օրերու վարչապետ, իսկ այժմ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նամակին՝ ան յայտնած է. «Այս նամակով մենք ցոյց տուինք, որ ցաւալի դէպքերուն էջը փակելով՝ նոր էջ մը կը բանանք եւ խաղաղութեան ձեռք կ՛երկարենք: Եթէ մեր հայ պաշտօնակիցները այդ ձեռքը ընդունին, կրնանք նոր էջ մը բանալ: Անկարելի է միասնաբար դէպի ապագայ քալել՝ ատելութեամբ եւ զիրար սպաննելով: Այսուհետեւ, հրամայական է, որ բոլորը ապրին խաղաղութեամբ եւ իրենց ետին ձգեն անցեալի դէպքերը: Մենք՝ իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, մեր բաժինը կատարեցինք», ըսած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.